Սփիւռքահայ բանաստեղծուհի Անոյշ Նագգաշեան վերջերս գտած է Խրիմեան Հայրիկի անտիպ չափածոներէն մէկը: Հայաստան եկած է Հայրիկի ձեռագիրն ու ատոր հետ յայտնաբերուած լուսանկարները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին փոխանցելու:
Խրիմեան Հայրիկը զայն վերնագրած է «Թագաւորաց ժողով»: Ենթադրաբար խօսքը Պերլինի յայտնի վեհաժողովի մասին է:
Ձեռագիրը եւ Խրիմեան Հայրիկին այս լուսանկարն ու հայ որբերու երկու այլ լուսանկարներ, Անոյշ Նագգաշեանին փոխանցած է Անգլիա բնակող մեր հայրենակից Աբրահամ Մնացականեանը: Անոր բարեկամները 40 տարի առաջ հայ ընտանիքէ մը տուն վարձակալած են, անոնցմէ գնած են նաեւ գրասեղան մը, որուն գաղտնի դարակին մէջ Աբրահամ Մնացականեանի դուստրը վերջերս յայտնաբերած է հոն պահուած ձեռագիրն ու լուսանկարները:
Մայր Աթոռի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Մատենադարանի գրատան մէջ, Մարտի վերջը հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէս պիտի բացուի, որու ընթացքին իբրեւ բացառիկ նմուշ, պիտի ցուցադրուի նաեւ Խրիմեան Հայրիկի այս ձեռագիրը: