Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Անհաւատալի Բայց Դժբախտաբար Իրաւ

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Վերի ծանուցումին բովանդակութիւնը հետեւեալն է. «…կազմակերպութեան մը համար անհրաժեշտ է տնօրէնի անձնական քարտուղարուհի: Կրնան դիմել գեղեցիկ կազմուածքով, հաճելի արտաքինով, առանց բարդոյթներու եւ հարցերու, ազատ եւ բաց հագնող, աշխատանքէն դուրս բարեկամութիւն մշակող 17էն մինչեւ 35 տարեկան կանայք: Բարձրագոյն կրթութիւնը եւ լեզուներու իմացութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատանքային փորձ ունենալը պարտադիր չէ: Փափաքողները կրնան … հասցէին ուղարկել 4 հատ ազատ ոճի լուսանկար եւ ինքնակենսագրական տուեալներ: Առանց լուսանկարներու նամակները կը մնան անպատասխան: Ցանկալի աշխատավարձը կ՛ապահովուի»:

Դժբախտաբար կ՛ապրինք օրերու մէջ, ուր կանացի մարմինն ու սեռայնութիւնը (sexuality) կ՛օգտագործուին ամէն ինչի մէջ՝ իբր լաւագոյնս ծախելու արտադրութիւն մը: Այս մէկը համաշխարհային երեւոյթ է ու կը կարօտի լուրջ ուսումնսասիրութեան եւ իգական սեռի դաստիարակութեան՝ ատաղձ չհանդիսանալու եւ դէմ դնելու իր իսկ սեռի տիպարին (image) վնասող այս երեւոյթին: Սակայն նման պարունակութեամբ պաշտօնեայ ուզելու յայտարարութիւն մը ուշադրութիւնս գրաւեց եւ ընդվզեցուց զիս, ինչպէս որ պիտի ընէ ձեզի սիրելիներ:

Կանանց հանդէպ խտրական ու նուաստացուցիչ դրսեւորումի այսքան ցցուն  օրինակի մը վրայէն կարելի չէր լուռ անցնիլ ու չանդրադառնալ այս սիւնակով:

Այս տողերը գրելու պահուն սակայն հաճելի եւ յուսադրիչ զուգադիպութեամբ մը նամակ մը ստացայ հայրենի մէկ բարեկամուհիէս՝ փորձագէտ Նուարդ Մանասեանէն, որուն մէջ ան կը ծանուցէր՝ ՄԱԿի Բնակչութեան Հիմնադրամի ֆինանսաւորումով, Երեւանի մէջ իրագործած իր վերջին իրագործումի մասին, որն է՝ «Կենտերային Ճեղքուածք. Կանանց Նկատմամբ Խտրական Դրսեւորումներու Ախտորոշիչ Ուսումնասիրութիւն» անունով գիտահետախուզութիւն մը, որ քննարկման մեկնարկ մըն է կանանց եւ տղամարդոց իրաւահաւասարութեան ու անով պայմանաւորուած տնտեսական զարգացման ապահովման:

 2

Սիրելի Նուարդին ուսումնասիրութիւնը կատարուած է 2015-2016ին, զոր ան պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ յառաջիկայ Մարտ 28ին, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ (AUH):

Խոստանալով այս ուսումնասիրութեան մասին յառաջիկային լայնօրէն անդրադառնալ մեր թերթին մէջ, ինծի կը  կը մնայ շնորհաւորել երիտասարդ փորձագէտը, որուն նմանները յոյս մըն են վերի ծանուցումին տեղ տուող այս խաւար օրերու հորիզոնին վրայ…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին