«Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան առթիւ յարուցուած քրէական գործով, նոր մանրամասնութիւններ ի յայտ եկած են վերջերս: Արդարեւ «Ակօս» կը գրէ, թէ փաստաթուղթէ մը պարզ դարձած է, որ սպանութենէն անմիջապէս ետք, Թուրքիոյ հետախուզական մարմինները ուսումնասիրութիւն կատարած են՝ գիտնալու համար, թէ արդեօք Տինքի սպանութեան մէջ մեղադրուող անձիք հայկական ծագում ունի՞ն:
Ոճիրէն միայն 5 օր ետք թուագրուած, սակայն միայն 2015ի Հոկտեմբերին դատին կցուած այս փաստաթուղթը կը վկայէ այն մասին, որ սպանութիւնը իրագործած Օկիւն Սամասթի եւ պատուիրատու Եասին Հայալի ծագման վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն կատարուած է պետական արխիւներուն մէջ՝ հասնելով մինչեւ 1900ականներու սկիզբ: Պարզուած է, որ վերոնշեալ անձերու տոհմերուն մէջ «հաւատափոխ» կամ «ոչ իսլամ» ոեւէ մէկը չէ եղած:
«Ակօս» նկատել կու տայ, որ սոյն ուսումնասիրութիւնը կը յառաջացնէ շատ կարեւոր, սակայն անպատասխան հարցեր, որոնց շարքին են հետեւեալները.
- Արդեօք թրքական պետական հետախուզական մարմինները իւրաքանչիւր յանցագործութեան պարագային՝ կ՛ուսումնասիրե՞ն յանցագործին ծագումնաբանութիւնը, թէ այդ կ՛ընեն միայն այն ատեն, երբ յանցագործութեան թիրախը հայերն են:
- Վերոնշեալ տեղեկութիւնը կը վկայէ, որ պետութիւնը ունի իւրաքանչիւր քաղաքացիի տոհմածառի քանի մը սերունդներուն վերաբերեալ համապարփակ տուեալներու արխիւ: Այդ տեղեկութիւնները ուրիշ ո՞ւր եւ ի՞նչ նպատակներով կ՛օգտագործուին:
- Անցեալ շաբաթ յայտարարուած էր, թէ ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն մէջ հաշուի առնուող ազգային գաղտնաթիւը արդէն իսկ վերցուած է պետական համակարգէն: Կարելի՞ է լրջօրէն հաւատալ այս պնդումին:
- Ի՞նչ նպատակով իրականացած է մեղադրեալներուն տոհմի ուսումնասիրութիւնը: Արդեօք եթէ պարզուէր, թէ յանցագործները եւս հայ էին, պետութիւնը Տինքի սպանութիւնը պիտի վերագրէր հայկական Սփիւռքի՞ն: