Ճշմարիտ ուսուցիչը չի բաւարարուիր միայն ուսում ջամբելով, այլ ան կը սերտէ իր աշակերտներուն տարբերական չափանիշերը՝ մտային, յուզական, ընկերային, փորձառական եւ պատճառարական: Հետեւաբար ան կարեւոր անձնաւորութիւն մըն է մարդակերտումի դարբնոցէն ներս:
Արդ վարժարանիս ուսուցչակազմը պատուելու նպատակով, «Ուսուցչաց Տօն»ի առթիւ Երկուշաբթի, 7 Մարտ 2016-ին, ՌԱԿ Շուշան Վարդենի տիկնանց յանձնախումբը այցելեց վարժարան: Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցան բարեմաղթութիւններ, կարկանդակի հատում, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր ուսուցիչ ստացաւ գեղեցիկ յուշանուէր մը:
Իսկ Հինգշաբթի, 10 Մարտ 2016-ին, առաջին զբօսանքէն ետք դադրեցաւ դասաւանդութիւնը եւ վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ուսուցչաց Տօն»ի նշումը, Միջն. Գ. դասարանի աշակերտներուն նախաձեռնութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սեւակ Թորոսեան՝ անդրադառնալով, թէ ինչպէս ուսուցիչը սատար կը հանդիսանայ աշակերտին մտային պաշարը ճոխացնելու, ինչպէս նաեւ կը դարբնէ ապագայ մարդն ու հայը: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ շնորհիւ ուսուցիչներուն վստահ քայլերով առաջ պիտի երթան թէ՛ ուսումնական, թէ՛ ալ կեանքի ասպարէզներուն մէջ: Ապա մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացան խմբերգով եւ խմբային արտասանութեամբ, Միջն. Բ. դասարանէն Կրէյս Ուլիկեան մեներգեց, որմէ ետք տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն, որ կը ներկայացնէր աշխարհահռչակ ուսուցիչներ, որոնք կը հանդիսանան ուսուցչական ասպարէզի ռահվիրաներ: Միջն. Գ. դասարանը հանդէս եկաւ թատրական բեմադրութեամբ մը, որմէ ետք իւրաքանչիւր ուսուցիչ ներկայացուեցաւ իր առանձնաշնորհումով՝ ստանալով իր նուէրը աշակերտներուն ծափողջոյններու տարափին տակ:
Վերջապէս բեմահարթակ բարձրացաւ վարժարանիս ժրաջան տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Նաճարեան, փոխանցելու համար իր սիրտի խօսքը: Ան սրտանց շնորհաւորեց ուսուցիչները, բարձր գնահատելով անոնց տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ ինքզինք բախտաւոր համարելով, որ շրջապատուած է դրական համագործակցութիւն ցուցաբերող պաշտօնակիցներով: Ան շնորհաւորեց ուսուցիչները՝ անոնց մաղթելով առողջութիւն եւ բարօրութիւն, միասնաբար ճախրելու համար դէպի նորանոր բարձունքներ: Ապա վարժարանիս «Ծնողաց Յանձնախումբ»ի ժրաջան տիկիններու նախաձեռնութեամբ՝ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:
Նոյն օրը վարժարանիս հոգաբարձութեան հրաւէրին ընդառաջելով, ուսուցչական կազմը ներկայ գտնուեցաւ Նոյ ճաշարան, որ հանրածանօթ է իր ինքնատիպ ձեւաւորումով, համադամ ճաշատեսակներով, ինչպէս նաեւ հարազատ ու մտերմիկ մթնոլորտով, ուր անցուց հաճելի պահեր:
Այսպիսով իր աւատին հասաւ «Ուսուցչաց Տօն»ի նշումը: Փառք ու պատիւ Վահան Թէքէեան վարժարանի յարաճուն վերելքին սատարող ամէն մէկ անհատի: