Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Մոսկուան Մերժեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

Ռուսիոյ կառավարութիւնն ու Բարձրագոյն դատարանը բացասական եզրակացութիւն տուած են՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եղելութեան ժխտման համար քրէական պատասխանատուութիւն նախատեսող օրինագիծին:

Այդ մասին կը յայտնէ Rusarminfo գործակալութիւնը` յղում ընելով նախագիծին համահեղինակ, Ռուսիոյ Տումայի փոխխօսնակ Նիքոլայ Լեւիչեւի օգնականին:

Ըստ panarmenian.net-ի Պետտումայի խորհուրդը ետ ուղարկած է օրինագիծը այն պատճառով, որ խախտած է կառավարութեան ու Բարձրագոյն դատարանի կողմէ զայն քննելու ժամկէտը: Կառավարութեան պատասխանը եկած է Փետրուար 9-ին, իսկ Տումայինը Փետրուար 8-ին:

Հայոց Ցեղասպանութեան հերքման համար պատասխանատուութեան վերաբերեալ օրինագիծը ներկայացուած էր Ռուսիոյ Պետական Տումային՝ 2015 թուականի Նոյեմբեր 25-ին, Թուրքիոյ կողմէ ռուսական Սու-24 ռմբակոծիչի ոչնչացման յաջորդ օրը: ՌԴ Պետտումայի փոխնախագահ, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատասխանատուութիւն սահմանելու մասին օրինագիծի համահեղինակ Նիքոլայ Լեւիչեւը, PAN-ի հետ զրոյցի ընթացքին մեկնաբանելով այն մտավախութիւնները, որ օրինագիծը այս կամ այն պատճառով կրնայ չհաստատուիլ կամ միտումնաւոր «չընդունուիլ»՝ յայտարարած էր, թէ «աւելի բարենպաստ պայմաններու սպասելու պարագային, գուցէ ստիպուած ըլլայինք սպասելու մէկ այլ «կլոր» տարելիցի»:

Ռուսիոյ Պետտուման ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1995-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին