Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Մոնթեպելլոյի Յուշարձանին Մօտ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ Ամեակի Ոգեկոչման Առթիւ

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինը, որ կազմուած է Լոս Անճելըսի հայ գաղութին մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցող շուրջ 50 միութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ, իբրեւ հիմնական առաքելութիւն՝ պարտականութիւնն ունի կազմակերպելու Մոնթեպելլոյի «Պիքնըլ Փարք»էն ներս գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ տեղի ունենալիք տարեկան ոգեկոչումը: Իսկ ամբողջ տարուան ընթացքին կը կազմակերպէ եւ կը հովանաւորէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչուող քարոզչական բնոյթի տարբեր միջոցառումներ:

Նկատի ունենալով, որ այս տարի Ցեղասպանութեան 101-րդ ամեակին առիթով Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ, համագաղութային տարողութեամբ կազմակերպուելիք «Արդարութեան Համախմբում»ը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 24-ին, կէսօրէն ետք ժամը 1-էն սկսեալ, Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ կայանալիք համագաղութային ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2016-ին, կէսօրէն ետք ժամը 1ին: Միջոցառման ընթացքին պիտի կատարուի կրօնական արարողութիւն եւ պիտի փոխանցուին քաղաքական պատգամներ։

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարին ոգեկոչելու նպատակով, Միացեալ մարմինը նախաձեռնած է նաեւ այլ ձեռնարկներու, որոնց մասին պիտի անդրադառնանք այլ հաղորդագրութեամբ:

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինը սոյն հաղորդագրութեամբ կոչ կ՛ուղղէ շրջանի բոլոր հայորդիներուն, որ Շաբաթ, Ապրիլ 23-ին խուռներամ ներկայ գտնուին ոգեկոչման՝ յարգելու համար մեր 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն բերեն գաղութէն ներս կազմակերպուող եւ Եղեռնին նուիրուած բոլոր միջոցառումներուն: Այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը փափաքին կապուիլ Միացեալ մարմինին հետ, թող հաճին գրել գործադիր մարմինի secretary@uacla.com հասցէին:

ՀԱՅՈՑ  ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ  ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ  ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին