Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

«Թաճ Մահալ. Հայուհին Եւ Հնդկաստանի Խորհրդանիշը» Ֆիլմը Ներկայացուած Է Հնդկահայ Համայնքին

«Թաճ Մահալ. հայուհին եւ Հնդկաստանի խորհրդանիշը» վաւերագրական ֆիլմը, Մարտ 10-ին ներկայացուած է Հնդկաստանի մէջ ապրող հայերուն:

Այս մասին կը հաղորդէ NEWS.am-ը, վկայակոչելով «Հայկական չափանիշ» շարժանկարի կեդրոնը: Հակադրութիւններու երկիր Հնդկաստանի ամենայայտնի խորհրդանիշը Թաճ Մահալն է, սակայն քիչերը գիտեն, թէ ո՞վ է իրականութեան մէջ այն կինը, որուն յիշատակին կանգնեցուած է սիրոյ այս տաճարը: Ինչպէ՞ս հայերը յայտնուեցան հեռաւոր այս վայրերուն մէջ` տակաւին միջնադարուն ձեւաւորելով ամենաազդեցիկ համայնքներէն մէկը: Ինչպէ՞ս մահմետական Թաճ Մահալի պատերուն հարիւրաւոր խաչեր յայտնուեցան եւ ինչպէ՞ս երկու հայուհիներ դարձան հնդկական ամենաազդեցիկ կայսրերու ուղեկիցները:

Հնդկահայերու մոռցուած պատմութեան մասին բացառիկ մանրամասնութիւններ ներկայացնող ժապաւէնը, «Հայկական չափանիշ» շարժանկարի կեդրոնին կողմէ ստեղծուող՝ «Անծանօթ հայեր» ֆիլմաշարին մաս կը կազմէ:

Կը նախատեսուի ֆիլմը ցուցադրել նաեւ այլ սփիւռքահայ համայնքներու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին