Ուսուցիչը այն անձն է, որ կը լուսաւորէ մեր վաղուան օրը: Ան առաջնորդ է, անփոխարինելի՝ ինչպէս ծնողքը, աշակերտին զարգացումին ու յաջողութեան բանալին է ան, որ սերունդներ կը դաստիարակէ: Իր ունեցած կարեւորութեան համար, ուսուցիչներու տօնը ամէն տարի կը նշուի մեծ խանդավառութեամբ եւ սիրոյ ու երախտագիտութեան ջերմ զգացումներու արտայայտութեամբ:
Երեքշաբթի, 8 Մարտ 2016-ին, Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի աշակերտները հանդիսութեամբ մը պատուեցին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, եւ բարձր գնահատեցին անոնց անսակարկ ծառայութիւնը:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, յայտագիրը սկիզբ առաւ 4-րդ դասարանի ներկայացուցած երգով, ապա 11-րդ դասարանէն աշակերտներ թատերական ներկայացումով բեմականացուցին «Mind Your Language»էն հատուած մը: 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու աշակերտներէն կազմուած խմբակ մը՝ արաբերէն արտասանութեամբ մեծարեց ուսուցիչները: Մանկապարտէզի աշակերտները, իրենց մանկական անմեղութեամբ եւ գեղեցկութեամբ, թեւաւոր խօսքերով լուսարձակի տակ առին ուսուցիչին դերն ու զոհողութիւնը, անոր նուիրումն ու ծառայութիւնը:
Այնուհետեւ 2-րդ կարգի աշակերտները արաբերէն երգ մը կատարեցին, որմէ ետք Աննապէլ եւ Գարլա Ռուպէլեան քոյրերը ելոյթ ունեցան «Աղօթք» արտասանութեամբ: 11-րդ դասարանցի Գէորգ Ներսէսեան զաւեշտով զուարճալի մթնոլորտ ստեղծեց՝ քանի մը ուսուցիչներու դասապահերը բեմին վրայ ներկայացնելով, որուն յաջորդեց դպրոցի երգչախումբին շնորհաւորական խօսքը՝ «Շնորհաւոր» երգի կատարումով:
12-րդ դասարանի աշակերտուհի Կայէլ Արսլանեան, իր դասարանին անունով շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց իրենց դասատուներուն, իսկ Անիթա Շիրվանեան եւ Քրիսթինա Հէյպէլեան, դարձեալ աւարտական դասարանէն, բեմ հրաւիրելով ներկայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները՝ ծաղիկ մը նուիրեցին անոնց:
Աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ իր խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց բոլոր ուսուցիչները եւ անոնց մաղթեց համբերութիւն ու առողջութիւն՝ ապա նշեց, թէ այսօրուան յայտագիրը աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած է՝ յարգելու եւ պատուելու իրենց ուսուցիչները, բայց բոլոր ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան համար լաւագոյն նուէրը կþըլլայ, որ աշակերտը ըլլայ յարգալից եւ յաջողութիւն արձանագրէ բոլոր դասերուն մէջ, ըսաւ տնօրէնուհին:
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, վարժարանիս անձնակազմը հրաւիրուած էր «Veer» ճաշարան, ուր հաճելի եւ ընկերային ճոխ մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ ուսուցիչներու տօնը:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ – ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ