Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հռոմի Պապը Սուրբ Պետրոսի Տաճարէն Քար Մը Նուիրած Է Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ

Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոս Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց առաջնորդանիստ հայ կաթողիկէ տաճարին նուիրած է խորհրդանշական քար մը` վերցուած Հռոմի Սբ. Պետրոսի Մայր Տաճարի պատէն` ի նշան միութեան եւ հաղորդութեան:

Ինչպէս կը յայտնէ panarmenian.net-ը վկայակոչելով Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդարանը, քարը Պապի անունէն ուղարկած է Վատիկանի Սբ. Պետրոսի Պապական աթոռանիստ տաճարի լուսարարապետ Քարտինալ Անճելօ Քոմասթրին` յատուկ նամակի մը հետ միասին:

2015-ի Դեկտեմբեր 8-ով թուագրուած այդ նամակին մէջ Քարտինալ Քոմասթրին կը գրէ, որ Պապի նուիրած քարը զետեղուած էր Սբ. Պետրոսի տաճարի Սբ. Դրան մէջ 2000-ին՝ ձեռամբ Նորին Սրբութիւն Սբ. Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի: Քարը Սբ. Պետրոսի տաճարէն վերցուած է Ողորմութեան յոբելեանական տարուայ բացման առթիւ` 2015-ի Դեկտեմբեր 8-ին Անարատ Յղութեան տօնին:

Կը նշուի նաեւ, որ այս քարը կը նուիրուի «որպէս նշան սերտ հաղորդութեան Սրբազան Քահանայապետին հետ, որ յաջորդն է Պետրոս առաքեալի եւ որպէս մասնակցութիւն հոգեւոր շնորհներու յոբելեանական տարուան»:

Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին օծուած է 2014 թուականի Սեպտեմբեր 24-ին: Գիւմրիի մէջ Հայ կաթողիկէ աթոռոնիստ եկեղեցի կառուցելու նպատակ ունեցած է եւ առաջին քայլերը իրականացուցած է Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջին առաջնորդ Գ.Տ. Ներսէս արքեպիսկոպոս Տէր-Ներսիսեանը: Նախապատրաստական գործողութիւնները շարունակած է երկրորդ առաջնորդ Գ.Տ. Նշան արքեպիսկոպոս Կարաքեհէյեանը: Շինարարական աշխատանքները սկսած են Առաքելական պատուիրակ նշանակուած, Հ. Վահան ծ.վրդ. Օհանեանի օրօք 2010-ին` Գարեգին Բ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, ՀՀ կառավարութեան աջակցութեամբ:

Եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները շարունակած եւ աւարտին հասցուցած  է 2011-էն թեմի առաջնորդի պաշտօնը ստանձնած Գ.Տ. Ռաֆայել արքեպիսկոպոս Մինասեանը, որուն որոշումով ալ` որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանիշ, ի նշան նահատակներու անմար յիշատակին, եկեղեցին կը կրէ Սրբոց նահատակաց անուանումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին