Մարտ 9ին Պրիւքսէլի ՆԱԹՕի կեդրոնակայանին մէջ, տեղի ունեցաւ 28+1 ձեւաչափով Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի նիստը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանն ու պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղար Եանս Սթոլթենպըրկը, Հիւսիսատլանտեան դաշինքի անդամ 28 երկիրներու դեսպանները, ՆԱԹՕի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ ռազմական կառոյցի ղեկավարներ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:
ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի նախագահութեամբ կայացած նիստին՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքական եւ պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները հանդէս եկան ելոյթներով:
Իր խօսքին մէջ նախարար Նալպանտեան անդրադարձաւ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան տարբեր ոլորտներուն, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, խաղաղապահ գործողութիւններուն Հայաստանի մասնակցութեան, Իրանի միջուկային ծրագիրին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութեան իրագործման, սուրիական ճգնաժամին եւ անոր հետեւանքով ի յայտ եկած հարցերուն եւ միջազգային յարաբերութիւններու հրատապ խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումներուն:
Անդրադառնալով Հայաստան–ՆԱԹՕ յարաբերութիւններուն Էտուարտ Նալպանտեան դրական գնահատած է՝ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի (ԱԳԳԾ) ծիրին մէջ հաստատուած արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը: Նախարար Նալպանտեան նշած է, որ Հայաստան–ՆԱԹՕ ԱԳԳԾի թիւով չորրորդ` 2014-2016ի ծրագիրը յաջողութեամբ կ՛իրականանայ եւ շեշտած, որ շուտով պիտի մեկնարկէ 2017-2018ի ԱԳԳԾ մշակման միջգերատեսչական գործընթացը:
Էտուարտ Նալպանտեան Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի անդամներուն ներկայացուց՝ Հայաստանի մէջ կայացած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին արդիւնքները եւ անկէ բխող բարեփոխումներու գործընթացը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ՝ պաշտպանական համակարգին մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքին, ռազմական կրթութեան բնագաւառին մէջ կարողութիւններու ընդլայնման եւ այդ ծիրի մէջ կարեւոր համարեց Հայաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ համագործակցութիւնը:
Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի նիստին ելոյթ ունեցան ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարը եւ անդամ շուրջ մէկ տասնեակ երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնք դրական գնահատեցին Հայաստանի եւ դաշինքի միջեւ արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնն ու արձանագրուած արդիւնքները:
Ելոյթ ունեցողները գոհունակութիւն յայտնեցին Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի իրականացման արդիւնքներուն, Հայաստանի մէջ իրականացող բարեփոխումներու ընթացքին, Քոսովոյի, Աֆղանիստանի եւ Լիբանանի մէջ խաղաղապահ գործողութիւններու Հայաստանի մասնակցութեան առնչութեամբ, կարեւոր համարեցին Հայաստանի մէջ իրականացող հետեւողական բարեփոխումները:
Այնուհետեւ նախարարներ Նալպանտեան եւ Օհանեան պատասխանեցին ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու դեսպաններու բազմաթիւ հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային զարգացումներուն, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ՝ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերուն, պաշտպանական եւ անվտանգութեան ոլորտներու գծով Հայաստանի մէջ իրականացող բարեփոխումներուն:
Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի նիստէն առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներ Էտուարտ Նալպանտեան ու Սէյրան Օհանեան, հանդիպեցան ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղար Եանս Սթոլթենպըրկի հետ:
Հանդիպման ընթացքին անոնք անդրադարձան տարբեր ծրագիրներու ծիրի մէջ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան, միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ: