Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը այն հազուադէպ դէպքերէն է, երբ գերտէրութիւնները` Ռուսիան, ԱՄՆը եւ Ֆրանսան հանդէս կու գան կարգաւորման շուրջ միասնական դիրքորոշումով:
Անոնք ըրած են յստակ առաջարկներ, որոնց հիման վրայ կարելի է շարժիլ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ: Այդ առաջարկները արտացոլուած են վերոնշեալ երկիրներու նախագահներու կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին վերաբերեալ եղած հինգ յայտնի յայտարարութիւններուն մէջ: Հայաստանը ողջունած է զանոնք` նշելով, որ անոնց հիման վրայ պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները` հակամարտութեան հանգուցալուծումը փնտռելու ուղղութեամբ: Այս մասին ըստ «Արմէնփրես»ի յայտարարած է՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, «Քոմերսանթ»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին: «Մինչ Ազրպէյճանը մինչեւ օրս կը ձեւացնէ, թէ նման յայտարարութիւններ ընդհանրապէս գոյութիւն չունին», ընդգծած է Նալպանտեան:
Նախարարը նաեւ նկատել տուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) բազմիցս իր աջակցութիւնը յայտնած է Մինսքի խումբի համանախագահներու` Ռուսիոյ, ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի կողմէ գործադրուող ջանքերուն ու բազմիցս ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման այլընտրանք չկայ: Այդ դիրքորոշումը մէկ անգամ եւս վերահաստատած է ԵՄ Բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինին, Մարտի սկիզբը տարածաշրջան կատարած այցի ընթացքին: