Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

«Գիտութեան Նկատմամբ Սէրը Յառաջացած Է Հայ Ուսուցիչի Շնորհիւ». Սթիւըն Հոքինկ

Բրիտանացի յայտնի բնագէտ-տեսաբան Սթիւըն Հոքինկ նշած է այն մարդուն մասին, որուն շնորհիւ դեռ մանուկ հասակէն սէր ունեցած է գիտութեան նկատմամբ: Այդ մարդը բրիտանահայ մաթեմաթիքոս Տիգրան Թահթան է: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով BBC-ն։

Հոքինկ այդ մասին խօսած է Global Teacher Prize մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներուն հրապարակման նուիրուած ուղերձին մէջ:

«Անոր դասերը կենդանի էին եւ գրաւիչ: Ամէն բան կրնար քննարկման առարկայ դառնալ: Մենք միասին ստեղծեցինք իմ առաջին համակարգիչը: Շնորհիւ պարոն Թահթայի ես դարձայ Քեմպրիճի մէջ մաթեմաթիքայի ամպիոնի փրոֆէսըր` ամպիոն, որ ժամանակին գլխաւորած է Իսահակ Նիւթընը», ըսած է Հոքինկ` աւելցնելով, թէ ոեւէ առանձնայատուկ մարդու ետին կանգնած է առանձնայատուկ ուսուցիչ մը:

«Այսօր աւելի քան երբեւէ մեզ անհրաժեշտ են մեծ ուսուցիչներ: Մենք պէտք է յիշենք, թէ որքան կարեւոր են անոնք», ընդգծած է գիտնականը:

Տիգրան Թահթա ծնած է 1928 թուականին: Ան Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Մանչեսթըր հաստատուած հայ ընտանիքի զաւակ է, որ ստացած է հայկական կրօնական կրթութիւն: Մաթեմաթիքայի ոլորտին մէջ ան հեղինակ է բազմաթիւ աշխատութիւններու։ Մահացած է 2006 թուականին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին