Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Չորեքշաբթի շնորհակալական նամակներ ուղարկած է ԱՄՆի Ճորճիա նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Տէյվիտ Ռալսթընին, Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցող թիւ 1580 բանաձեւի նախագիծի հեղինակներ Փաթ Կարտնըրին եւ Տէմիթրիուս Տուկլասին, ինչպէս նաեւ Յարութիւն Աղասարգսեանին եւ անոր ընտանիքին` բանաձեւի ընդունման գործին մէջ անոնց ունեցած վճռական ջանքերուն համար:
ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` «Արցախի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը այլեւս անշրջելի իրողութիւններ են եւ հիմնուած են ժողովրդավարական արժէքներու վրայ:
«Ժողովրդավարութիւնը նաեւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան հիմնաքարն է: Մեզի համար այնքան կարեւոր է, որ Ճորճիա նահանգի խորհրդարանի մեր գործընկերները, բարձր կը գնահատեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովրդավարական պետութիւն կերտելու նպակադրութիւնը եւ այդ ճանապարհին ունեցած յաջողութիւնները», ընդգծուած է Ազգային ժողովի նախագահին շնորհակալական նամակներուն մէջ: