Հայկական շուկայ մուտք գործող «Արմենիա» օդանաւային ընկերութիւնը մտադիր է՝ կանոնաւոր չուերթներ իրականացնել Ռուսիոյ տարբեր քաղաքներ, Թեհրան, Տուպայ, Փրակ, Թել Աւիւ, Քիեւ, Մինսք, Պարսելոնա եւ Լոնտոն: Այս մասին Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է՝ ընկերութեան բաժնետէր Թամազ Գաիաշվիլին: Անոր խօսքով առաջին կանոնաւոր չուերթը պիտի մեկնարկէ Ապրիլ 21-ին դէպի Մոսկուա եւ Թել Աւիւ ուղղութիւններով, ապա թռիչքներու աշխարահագրութիւնը պիտի ընդլայնի:
«Օդանաւային ընկերութիւնը իր աշխատանքները պիտի կազմակերպէ այնպէս, որ Հայաստանի բնակչութիւնը գոհ ըլլայ, գիներն ալ շատ բարձր չըլլան: Մենք կը ձգտինք ցած գիներ ապահովել այն մարդոց համար, որոնք ատոր կարիքը ունին», «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ ըսած է Թամազ Գաիաշվիլի:
Ընկերութեան հայ բաժնետէր Ռոպերթ Յովհաննիսեանի խօսքով` «Արմենիա» ընկերութիւնը հնարաւորութիւն պիտի տայ հայ օդաչուներուն եւ արհեստագիտական անձնակազմի աշխատակիցներուն, որոնք ներկայիս կ՛աշխատին արտասահմանի մէջ, վերադառնալու Հայաստան ու աշխատելու իրենց ընկերութեան մէջ: Ինչ կը վերաբերի գիներու քաղաքականութեան, ապա Ռոպերթ Յովհաննիսեանի հաւաստումով` գիները պիտի ըլլան այնպէս, որ ՀՀ քաղաքացիները առանց խնդիրի գնեն տոմսեր ու թռչին տարբեր ուղղութիւններով:
Աւելի առաջ ընկերութիւնը յայտնած էր, որ կը պատրաստուի 49 տոլարով չուերթներ իրականացնել Երեւանէն Եւրոպա եւ ԱՊՀ երկիրներ: Լրագրողի այն դիտարկումին ի պատասխան, որ այս արժէքի մէջ ներառուած չեն հարկերը` Թամազ Գաիաշվիլին նկատեց, որ այդ տոմսերը պէտք է գնել երկու ամիս առաջ, անոնք ետ պիտի չվերադարձուին, բացի այդ արժէքին մէջ ներառուած պիտի չըլլան օդանաւակայանի ծառայութիւններու մատուցման գինը: Ռոպերթ Յովհաննիսեանի խօսքով ալ` օդակայանի հարկի աւելացման պարագային նշեալ տոմսը պիտի արժէ մօտ 100 եւրօ:
Բաժնետէրերը տեղեկացուցին նաեւ, որ օդանաւային ընկերութիւնը մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսէ շահագործել ութ օդանաւեր: «Ապրիլի սկզբը պիտի ունենանք երեք օդանաւեր, Յունիս-Յուլիսին եւս երկու, տարուան վերջը մօտ ութ օդանաւեր», ըսած է Թամազ Գաիաշվիլին:
Ընկերութեան բաժնետոմսերուն 51 տոկոսը կը պատկանի Աշոտ Թորոսեանի, 25 տոկոսը` Ռոպերթ Յովհաննիսեանի, իսկ 24 տոկոսը Թամազ Գաիաշվիլիի: