Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Քաղաքակրթութեան Եւ Խայտառակութեան Չափանիշներ

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Կան քաղաքակրթութիւն մը արժեւորելու զանազան չափանիշեր: Կարելի է ազգի մը քաղաքակրթութեան աստիճանը չափել պարզապէս ստուգելով, որ այդ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կը վերաբերի իր շուրջը ապրող անասուններուն  հետ:

Վերի նկարը  Սինկափուրի մէջ գտնուող «կանաչ» կամուրջ մըն է: Ան մայրուղիին վրայ շինուած է անտառները կապելով իրար, որպէսզի բնութեան մէջ գտնուող կենդանիները ապահով եւ հանգիստ տեղափոխուին…:

Եկէք մէյ մը բաղդատենք մե՛ր միջավայրն ու կենցաղը վերոյիշեալին հետ. թէ նոյնիսկ բաղդատելու մասին մտածելը ամօթ է, երբ մեր մօտ մարդ արարածը մայրուղիին վրայէն տեղափոխուելու հանգիստ կարելիութիւնը չունի, ալ ո՜ւր մնաց անասունները…:

Եւ տակաւին բնութեան պահպանութեան մասին խօսելու յանդգնութիւնը կ՛ունենան՝   քաղաքակրթութեան օրրա՜ն համարուող այս երկիրին ղեկավարները, որոնք անոր անցեալի արժէքներուն ինքնակոչ ժառանգներն ալ կը սեպեն իրենք զիրենք, մինչ աղբերու հարցով խայտառակուած են աշխարհի երեսին…։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին