Ուրբաթ, 08. 11. 2024

spot_img

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը «Յակոբ Մեղապարտ» Մետալով Պարգեւատրեց Յակոբ Աւետիքեանը

Մարտ 2-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ՝ «Ազգ» թերթի 25-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) Լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն Նաղաշ Մարտիրոսեան: Ան ներկայացուց բոլոր պատուաւոր հիւրերը եւ  շեշտեց, որ բոլորին համախմբած է «Ազգ»ի նկատմամբ բացառիկ վերաբերմունքը, սէրը եւ հաւատը: ««Ազգ»ը երբեք վստահութեան ճգնաժամ չապրեցաւ:  Թերթի 25ամեակը կը նշենք 2016ին, երբ երկու հզօր յոբելեան ունինք` Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25ամեակները: Յակոբ Աւետիքեանի խմբագրած «Ազգ»ը կը հաւաստէ, որ ան բացառիկ պատասխանատուութիւն ունի տպագիր խօսքի հանդէպ», նշեց ան:

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի խորհրդական Հրայր Զոլեան, թերթի յոբելեանի առթիւ ընթերցեց Գալուստ Սահակեանի շնորհաւորական ուղերձը:

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ջերմօրէն շնորհաւորեց  թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանն ու խմբագրակազմը յոբելեանի առթիւ: Ան մասնաւորաբար նշեց. «Այսօր հայկական լրատուական աշխարհի մէջ մեծ յոբելեան է. «Ազգ»ի 25ամեակը կը լրանայ: Կ՛ուզեմ ջերմօրէն շնորհաւորել այս գեղեցիկ յոբելեանի առթիւ եւ մաղթել նոր յոբելեաններ: Կը պարզուի, որ «Ազգ»ը Հայաստանի անկախութենէն մեծ է. մենք անկախութիւնը հռչակեցինք Սեպտեմբեր 21-ին, իսկ «Ազգ»ը ստեղծուեցաւ Փետրուար 16ին: Այդ նշանակէ, որ անկախութիւն հռչակած պետութեան համար Սփիւռքը ոտքի կանգնեցաւ, ալեկոծեցաւ, ոգեւորուեցաւ ու գործի անցաւ: «Ազգ» օրաթերթի առաջին քայլերը շատ դժուար էին, քանի որ Հայաստանի մէջ ընդամէնը երկու ժամ լոյս կար. մենք կ՛ապրէինք ուժանիւթի ճգնաժամի եւ պատերազմի պայմաններու մէջ: «Ազգ»ը դարձած էր մեզի մխիթարող, հոգեւոր սնունդ մատուցող թերթ, որուն կը սպասէինք ամէն օր: Կը կարծեմ, որ թերթին անուանումը շատ խորհրդանշական է: Թերթը հասունցաւ մեր պետութեան հետ, մնաց չճկուող ու ճշմարիտ: Մեզի համար առանձնակի է «Ազգ»ի դերակատարութիւնը, քանի որ ան դարձաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մեկնաբանման, մարտահրաւէրներու, դժուարութիւններու յաղթահարման ուղիները մատնանշող ամենափայլուն հարթակ», շեշտեց Հրանոյշ Յակոբեան:

Նախարարը Յակոբ Աւետիքեանը պարգեւատրեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Յակոբ Մեղապարտ» մետալով:

Ընթերցուեցաւ ՀՀ մշակոյթի նախարարի շնորհաւորական ուղերձը, ԵՊՀ տնօրէնի հրամանը` Յակոբ Աւետիքեանը ԵՊՀ ոսկէ յուշամետալով պարգեւատրելու մասին:

Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան խոստովանեցաւ, որ «Ազգ»ի անդաւաճան ընթերցողն է: «Ազգ»ը պատասխանատու եւ որակեալ մամուլ է, բամբասանք, չճշդուած տեղեկատուութիւն չէք գտներ հոն: Յակոբ Աւետիքեան արժանացած է մեր բոլոր պարգեւներուն, ինչքան ոսկի ունինք` տուած ենք: Շատ երջանիկ եմ, որ Աւետիքեանի ժամանակակիցն եմ», աւելցուց ան:

Շնորհաւորանքի ջերմ խօսքեր ըսաւ նաեւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան` շեշտելով, որ տարիներ առաջ ինքն ալ շատ բան  սորված է Յակոբ Աւետիքեանէն ու շեշտեց. «Մաքուր հայերէնով լոյս տեսնող այս թերթը մեր Հայրենիքին համար մեծ նուէր է»:

Ելոյթ ունեցողները կարեւոր համարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախ օրաթերթի հայանպաստ գործունէութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին