7 Մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնարկի Հայաստանի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Գարիկ Հայրապետեան, ներկայացնելով ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնարկի 2015-2016 թուականներու Հայաստանի մէջ կատարած՝ «Կանանց նկատմամբ խտրական դրսեւորումներու ախտորոշիչ ուսումնասիրութիւն» նոր հետազօտութեան տուեալները՝ յայտարարած է, որ Հայաստանի բանակին մէջ աշխատող կիներուն թիւը 10 տարուան ընթացքին աւելցած է երեք անգամ, կը հաղորդէ News.am-ը:
2001-ին անոնց թուային համեմատութիւնը կը կազմէր 3.3 տոկոս, 2011-ին արդէն 8.8 տոկոս: «Խոր կերպով չենք հետազօտած այս փաստը, սակայն ըստ իս այս երեւոյթը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ կուրսանտներու թիւը տարուէ տարի կը մեծնայ», հաստատած է Գարիկ Հայրապետեան:
Անոր համաձայն բանակին մէջ աշխատավարձը համեմատաբար բարձր է, այդ պատճառով ալ կիները կը նախընտրեն այս բնագաւառը։