Արդէն 8-րդ տարին անընդմէջ Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան օրը, տեղի կ’ունենայ պատանի երկրապահներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Երեւանի, Արցախի ու ՀՀ մարզերու պատանի երկրապահները երդուած են Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին, կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, ԵԿՄ նախագահ, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, զօրավար Սէյրան Սարոյեան, ԿԳ նախարար Լեւոն Մկրտչեան, Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան, Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:
«Այս օրը խորհրդանշանական օր է: Երկրապահ կամաւորականների միութիւնը մեր երկրի համար դարձել է հպարտութիւն: Հպարտութիւն ենք ապրում, սպարապետի ծառայութեան արդիւնքն է նրա երիտասարդ զաւակը` հայկական բանակը: Այն, ունենալով ազգային աւանդոյթները, երկրապահների, ազատամարտիկների, մեր զինծառայողների գործունէութեամբ շաղախուած յաղթանակները, ապահովում է հայ ժողովրդի արարումը: Դուք երդւում էք ամէն ինչ անել, որ ձեզնից իւրաքանչիւրի բոլոր կարողութիւնները օգրագործուեն Հայոց բանակի համար»,- ձեռնարկին իր ելոյթին մէջ ըսաւ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:
Ձեռնարկէն ետք ներկաները ծաղիկներ տեղադրեցին Եղեռնի զոհերու յիշատակին:
Նշենք, որ Ծիծառնակաբերդի մէջ 5 հազարէ աւելի պատանի երկրապահ երդուեցաւ: Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ նոյնպէս տեղի ունեցած են երդման արարողութիւններ: Ձեռնարկներուն մասնակցած պատանի երկրապահներու ընդհանուր թիւը 20 հազար է: