Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Մոսկուայի Մէջ «Հայաստան. Գոյի Առասպելը» Խորագիրով Ցուցահանդէս Պիտի Ներկայացուի

Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին վրայ գտնուող Պատմութեան թանգարանին մէջ, պիտի բացուի «Հայաստան.Գոյի առասպելը» խորագիրով ցուցահանդէսը, ուր պիտի ներկայացուին Հայաստանի պատմութեան, Սուրբ Էջմիածինի Մայր աթոռի թանգարաններու եւ Մատենադարանի 160-է աւելի ցուցանմուշներ։ Այս մասին ըստ Armradio.am-ի, նշուած է Ռուսաստանի պետական պատմութեան թանգարանի կայքին մէջ:

Հայաստանի պատմութեան թանգարանը պիտի ներկայացնէ Հայաստանի տարածքին յայտնաբերուած ցուցանմուշները, որոնք կ՛ընդգրկեն մեր երկիրի պատմութիւնը՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ 19-րդ դարը: Պիտի ներկայացուին նաեւ Հայաստանի պատմութեան հելլէնական շրջանի բաւական հետաքրքրական նմուշներ, որոնցմէ մէկը նաեւ Ափրոտիդէ աստուածուհիի մարմարեայ արձանն է:

Հայաստանը իբրեւ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն առաջինը հռչակած երկիր, պիտի ներկայացուին Մայր Աթոռի թանգարանին մէջ պահպանուող՝ գեղարուեստական եւ պատմական արժէք ներկայացնող ցուցանմուշներ: Ռուսաստանի պատմութեան թանգարանը այս առումով յատկապէս կ՛առանձնացնէ սուրբ Գէորգի մասունքները ամփոփող Խաչը:

Ռուսաստանի պատմութեան թանգարանը իր այցելուներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ նաեւ՝ Մատենադարանի ցուցանմուշներուն վրայ:

Ցուցահանդէսը պիտի բացուի Մարտ 10-ին` հաւանաբար Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նախագահներու մասնակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին