Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Երեւանը Ներառուած է The Telegraph-ի Եւրոպայի Հնագոյն 16 Քաղաքներու Ցանկին Մէջ

Բրիտանական The Telegraph պարբերականը ուշագրաւ լոսանկարներու շարքով անդրադարձած է Եւրոպայի ամենահին 16 քաղաքներուն` իր ընթերցողներուն առաջարկելով կեանքի ընթացքին գոնէ 1 անգամ այցելել զանոնք, կը հաղորդէ «Արցախփրես»ը:

Հետաքրքրական է, որ Եւրոպայի հնագոյն քաղաքներու ցանկին մէջ ներառուած է նաեւ Երեւանը, որուն մասին հեղինակաւոր աղբիւրը կը գրէ հետեւեալը.

«Հռոմի հիմնադրումէն 30 տարիներ առաջ, Հայաստանի ներկայիս մայրաքաղաքը Ասիայէն դէպի Եւրոպա ճամբուն վրայ կարեւոր առեւտրային կանգառ եղած է: Անիկա ենթարկուած է հռոմէացիներու, բիւզանդացիներու, պարսիկներու, արաբներու, սելճուքներու, մոնկոլներու եւ թուրքերու, իսկ աւելի ուշ` 1920-ին խորհրդային Կարմիր բանակի ներխուժումներուն:

«Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Երեւանի մէջ նկատուեցաւ մշակութային օճախներու աւելացման միտում (քաղաքը ուղղակի կ՛ապշեցնէ թանգարաններու առատութեամբ): Ինչ կը վերաբերի զբօսաշրջութեան, ապա անիկա դանդաղ, բայց հաստատուն կերպով կը զարգանայ»:

Նշենք, որ տուեալ ցանկին մէջ մեր տարածաշրջանէն ներկայացուած են 3 քաղաքներ` Երեւանը եւ վրացական  Մցխեթն ու Քութայիսին:

Երեւանը կը գտնուի Եւրոպայի հնագոյն քաղաքներու ցանկին 16-րդ տեղը:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին