Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Գահիրէի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատունը Քաղաքի Ամենահեքիաթային Վայրերու Ցանկին Մէջ

Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը յայտնուած է քաղաքի ամենագեղեցիկ 17 վայրերու ցանկին մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»­ը, identity­mag.com­-ը կազմած է Գահիրէի հեքիաթային 17 վայրերու ցուցակը: Կայքը կը գրէ, որ այն առանձնատունը, ուր տեղակայուած է Հայաստանի դեսպանատունը, կարծէք «Քնացած դշխուհիի» կամ «Հենզելի ու Կրեթել»­ի պատմութենէն դուրս եկած ըլլայ:

Ցուցակին մէջ ներառուած են նաեւ Հելիոպոլիսի մէջ գտնուող Baron Empain պալատը, արքայազն Սաիդ Հալիմի պալատը, հին Գահիրէի մէջ գտնուող Պապ ալ Ֆութուհը, Քոպրայի մէջ գտնուող տունը, ղպտիներու գերեզմանատունը, Մարիոթ հիւրանոցը, ալ­-Մուիզ ալ-Տին փողոցը, Ապտեն պալատը, Հելիոպոլիսի պազիլիկ եկեղեցին, Գահիրէի դարպասները, Քասր ալ-Նիլ կամուրջը, Սապիլը, Բանեան ծառերը, Maison du Canada-­ն, Սպանիոյ դեսպանատունը եւ Գահիրէի միջնաբերդը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին