04.03.2016
Ընկեր Հրաչ Սեփեթճեան
Գլխաւոր Խմբագիր
«Նոր Օր» Շաբաթաթերթի
Լոս Անճելըս – ԱՄՆ
Սիրելի ընկեր Սեփեթճեան,
Սրտանց կը շնորհաւորեմ նոր պաշտօնդ, որպէս մեր սիրելի կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի օրկանին գլխաւոր խմբագիրը: Ուրախ եմ, որ քեզի պէս երիտասարդ եւ տեսլապաշտ ուժ մը յանձն կ՛առնէ «Նոր Օր»ը, որուն բովանդակութեան ու ձեւին մէջ փոփոխութիւնը պատասխանատուութիւն ստանձնելուդ առաջին օրէն իսկ զգալի է այսօր:
Մեր նախկին պաշտօնակիցին՝ Ընկեր Յակոբ Մարտիրոսեանին երէկ տարածած հաճելի ե-նամակը, որ պաշտօնակիցներուն ու աշխատակիցներուն կը տեղեկացնէ կատարուած փոփոխութիւնը (որ սովորական պայմաններու մէջ աւելի քան բնական երեւոյթ պէտք է ըլլայ), մարդկային արժէքներու անկումի այս օրերուն չափազանց գնահատելի է:
Շատ ուրախ եմ, որ սերնդափոխութեան այս քայլը ըստ երեւոյթին հեզասահ եղած է քու պարագայիդ: Վստահ եմ, որ այս մէկը քեզի շատ աւելի կ՛օգնէ կեդրոնանալու շինիչ աշխատանքիդ վրայ:
Յաջողութիւն քեզի եւ աւելի եւս վերելք «Նոր Օր»ին:
Ընկերական գործակցութեան ու փորձառութիւններու փոխանակման լաւագոյն մաղթանքներով
Սիրով՝
Սեւակ Յակոբեան
Գլխաւոր Խմբագիր
«Զարթօնք» Օրաթերթի