Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Հայաստանի Փոքրամասնութիւնները Խորհրդարանին Մէջ Հաւանաբար Պատգամաւորներ Ունենան

Հայաստանի եզիտի, ռուս, ասորի եւ քիւրտ համայնքներու ներկայացուցիչները հնարաւոր է, որ պատգամաւորական աթոռներ ունենան 2017ին ձեւաւորուելիք Ազգային ժողովին մէջ: Երէկ Հայաստանի կառավարութեան հաւանութեան արժանացած Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծով կ’առաջարկուի՝ 4 աթոռներ յատկացնել ազգային փոքրամասնութիւններուն, տուեալ ազգային փոքրամասնութեան քանակի համեմատ: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան Մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի համաձայն, 2011ի Հոկտեմբերի մարդահամարի տուեալներով՝ եզիտի, ռուս, ասորի եւ քիւրտ համայնքները խոշորագույնն են Հայաստանի մէջ: Եզիտի համայնքը ունի շուրջ 35 հազար, ռուսերը 12 հազար, ասորիները 2800 եւ քիւրտերը 2 հազար անդամներ:  Յիշեցնենք, որ Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծը հաւանութիւն ստացած է Մարտ 3ին: Նոր Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծի  համաձայն՝ խորհրդարանական ընտրութիւնները կ’ըլլան միասնական եւ համապետական ու կը կայանան բացառապէս համամասնական ընտրական համակարգով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին