*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Այսօր սովորութեանս համաձայն համացանցի էջերը կը «թերթատէի»՝ տեսնելու համար, թէ ինչ նորութիւններ կան լուրերու աշխարհի մէջ: Յանկարծ Լիբանանի կապակցութեամբ հետեւեալ վերնագիրը ուշադրութիւնս գրաւեց. «Օտար ձեռքեր կը փորձեն խանգարել Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը…»: Իսկապէ՞ս…։ Յիշեցի Զիատ Ռահպանիին «Ձախող Բան Մը» կատակերգութեան մէկ նախադասութիւնը, ուր ան կ’ըսէ՝ «լիբանանցիները իրարու հետ իւղ ու մեղրի նման են. միշտ օտարն է, որ կը փորձէ խանգարել լիբանանեան ներքին անդորրութիւնն ու միասնականութիւնը»: Ի՞նչ ըսենք, այդպէս է երեւի: Հարիւրաւոր տարիներ իրար մարմիններ յօշոտելէ ետք, այլեւս ակնյայտ է, թէ օտար ձեռքերն են իրենց միասնականութիւնը խանգարողը: Այլ բացատրութիւն չկայ: Լիբանանցին որպէս մէկ ազգ, միշտ համերաշխ ապրած է իր ազգակիցին հետ: Օտարն ալ նախանձելով այս համերաշխութենէ՝ միշտ փորձած է խանգարել լիբանանեան ներքին խաղաղութիւնը:
Ռահպանիին «Ձախող Բան մը» թատերգութիւնը կը ներկայացնէ թատերախաղի մը պատրաստութիւնը: Այսինքն թատրոնի մէջ թատրոնի պատրաստուիլ: Պատրաստութեան ընթացքին լրագրող մը կու գայ եւ կ’ուզէ հարցումներ ուղղել դերասաններուն, որոնք լիբանանեան ընտանիքը կազմող տարբեր կրօնական համայնքներէ կը բաղկանային՝ քրիստոնեայ եւ իսլամ: Լրագրողին «ո՞վ է թշնամիդ» հարցումին, իւրաքանչիւր կողմ տարբեր անուններ կը յիշէ, որ ցոյց կու տայ, թէ լիբանանցին չունի ազգային մէկ պատկանելիութիւն եւ ոչ ալ ինքնութեան յստակ պատկերացում: Ի վերջոյ Ռահպանիին թատրոնը կ’աւարտի դերասաններու՝ քրիստոնեայ-իսլամ պոռչտուքով եւ ապա կռիւով:
Մարգարէական զգայնութիւն էր, թէ լիբանանեան իրավիճակի իրապաշտ վերլուծում, չեմ գիտեր: Բայց Զիատ Ռահպանին իրաւունք ունէր:
Երկար տարիներու յաջորդական պատերազմներէ ետք, դարձեալ լիբանանցի մը կրնայ ելլել եւ ըսել՝ « մենք եղբայրներ ենք եւ միշտ համերաշխութեամբ ապրած ենք իրարու հետ: Միշտ օտար ձեռքեր են եղած մեր համերաշխութիւնը խանգարողները»: Այս կամ կուրութիւն է եւ կամ ինքնուրացումի վիճակ: Ժամանակը չէ՞ այլեւս խոստովանելու մեր տարբերութիւնները եւ նոր վարչակարգ մը հիմնել, որպէսզի այս տարբերութիւններու տէրերը կարենան իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրիլ եւ խաղաղութիւն կտակել իրենց սերունդներուն: