Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանին շնորհուեցաւ՝ Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) պատուաւոր փրոֆէսորի կոչում:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցմամբ` ԵՊՀ գիտական խորհուրդը այդ կապակցութեամբ միաձայն որոշում ընդունած է Փետրուար 11-ին կայացած նիստի ընթացքին:
ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան նախարար Նալպանտեանին յանձնելով պատուաւոր փրոֆէսորի վկայականը՝ նշած է, որ Գիտական խորհուրդի որոշումը հիմնուած է «Նալպանտեանի հասարակական-քաղաքական բեղուն գործունէութեամբ, գիտութեան բնագաւառին մէջ իր ձեռքբերումներով եւ ԵՊՀի հետ բազմամեայ արգասաբեր համագործակցութեամբ»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ԵՊՀի բարձր կոչումին արժանանալու համար` նախարար Նալպանտեան ըսած է. «Այս կոչումը պարտաւորեցնող է` առաւել ամրապնդելու արտգործնախարարութեան եւ համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ համագործակցութիւնը, հաստատուած բարի աւանդոյթները»:
Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ վերոնշեալ բաժանմունքը ԱԳՆի համար մարդուժի դարբնոց կը հանդիսանայ:
Նալպանտեան Երեւանի պետական համալսարան այցելած էր՝ համալսարանի գիտական խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով:
Իր ելոյթին մէջ անդրադառնալով դիւանագէտի օրուան, Նալպանտեան մասնաւորաբար ըսած է. «Հայկական դիւանագիտութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները ոչ պակաս հրատապ են այսօր: Պաշտպանել պետութեան եւ Հայաստանի քաղաքացիներու շահերը, երկկողմ եւ բազմակողմ տարբեր հարթակներու մէջ չէզոքացնել մեր դէմ ուղղուած, տարաբնոյթ աղբիւրնեւով սնուող նախաձեռնութիւնները, աջակցիլ ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն, այսպէս ըսած «թէժ կէտերու մէջ»: Անհրաժեշտ է ոչ թէ սպասել, թէ այս կամ այն գործընկեր պետութիւնը կամ միջազգային կազմակերպութիւնը ի՞նչ կրնայ առաջարկել մեզի, այլ հանդէս գալ դրական օրակարգ ձեւաւորելու դիտաւորութեամբ սեփական նախաձեռնութիւններով»: