Գոնկրէսի Հայաստանի աջակցութեան խումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնէ (Դեմոկրատ) եւ Ռապըրթ Տոլտ (Հանրապետական), ԱՄՆ Գոնկրէսի անդամներուն ուղղուած նամակին մէջ կոչ ուղղած են՝ աջակցելու Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին 2017 թուականի ֆինանսական տարուան օգնութիւնը աւելցնելու ուղղուած իրենց ջանքերուն:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, գոնկրէսականներուն ուղղուած նամակին մէջ անոնք կ՛առաջարկեն՝ աջակցիլ Հայաստանի եւ ԼՂՀ-ին տրամադրուող արտաքին օգնութեան 7 առաջնահերթ ուղղութիւններու: Մասնաւորաբար կ՛առաջարկուի առնուազն 5 միլիոն տոլար յատկացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական եւ կայուն զարգացման ծրագիրներու, իսկ առնուազն 40 միլիոն տոլար` Հայաստանի տնտեսական օգնութեան համար (ներառեալ Տնտեսական աջակցութեան հիմնադրամի, թմրամիջոցներու շրջանառութեան դէմ միջազգային պայքարի եւ առողջապահութեան միջազգային ծրագիրներու շրջանակներուն մէջ):
Այնուհետեւ կ՛առաջարկուի կասեցնել Ազրպէյճանին ռազմական օգնութեան տրամադրումը, քանի դեռ վերջինս չէ դադրեցուցած սահմանային յարձակումները, պատերազմի սպառնալիքներ հնչեցնելը եւ չէ համաձայնած հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման սկզբունքներու պահպանման: Կ՛առաջարկուի նաեւ աջակցութիւն տրամադրել Սուրիոյ մէջ բնակող հայերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի` ՀՀ տեղափոխուած սուրիահայ փախստականներուն օգնութեան համար, Վրաստանին տրամադրուող օգնութեան 10 տոկոսը յատկացնել Սամցխէ-Ջաւախքի տարածաշրջանի կայուն աշխատատեղերու ստեղծման նպատակին, ինչպէս նաեւ սահմանափակել Ազրպէյճանին ամերիկեան աջակցութեան սահմանափակման 907-րդ բանաձեւի կասեցման հարցով ԱՄՆ նախագահի իրաւասութիւնը:
Կ՛ընդգծուի նաեւ Մինսքի խումբի ծիրէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան` որպէս բանակցող կողմի վերականգնման կարեւորութիւնը, կը հաղորդէ ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը: