Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի (ՀՀ ԳԱԱ) Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին մէջ, Փետրուար 26-ին տեղի ունեցած գիտական սեմինարի թեման՝ «Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ հայերէնի դասաւանդման վիճակ»ն էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն Այսօր»ը:
Օրուան բանախօսը՝ ՀՀ ԳԱԱ լեզուի հիմնարկի արեւմտահայերէնի բաժինի աւագ գիտաշխատող Յակոբ Չոլաքեան, ընդգծելով Միջին Արեւելքի մէջ հայկական դպրոցներու ազգապահպան հսկայական նշանակութիւնը, հանգամանօրէն ներկայացուց անոնց ստեղծման հանգամանքներն ու գործունէութեան պայմանները, շրջանի տարբեր երկիրներու մէջ հայ դպրոցի կրած կազմակերպական ու բովանդակային փոփոխութիւններու փուլերը, արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման գործին մէջ անուրանալի դեր ունեցող՝ կրթական այդ հաստատութիւններու առջեւ ժամանակի ընթացքին ծառացած մարտահրաւէրները:
Յ. Չոլաքեան համակողմանիօրէն անդրադարձաւ տարածաշրջանի հայկական համայնքներուն մէջ հայոց լեզուի դասաւանդման հարցերուն, տարածաշրջանի մէջ հայերէնի վիճակին, համայնքներու եւ կրթական հաստատութիւններու առջեւ ներկայիս ծառացած խնդիրներուն: Ընդգծուեցաւ, որ Միջին Արեւելքի հայկական համայնքները մեծ դեր խաղցած են նաեւ ԱՄՆի, Գանատայի, Աւստրալիոյ ու այլ երկիրներու հայ դպրոցի հիմնադրման եւ զարգացման գործին: Նշուեցաւ, որ յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքները` իրենց կրթական հաստատութիւններով, նաեւ Եգիպտոսի, Յորդանանի, Կիպրոսի եւ Քուէյթի հայկական դպրոցները կը շարունակեն մնալ՝ արեւմտահայերէնի ուսուցման եւ պահպանման ամենակարեւոր կեդրոնները:
Այնուհետեւ ներկաները դիտարկումներու եւ հարցուպատասխանի միջոցով ամբողջացուցին նիւթին քննարկումը:






