Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

6 Երկիրներու Առողջապահութեան Բնագաւառի Ղեկավարներու Յայտարարութիւնը Երեւանէն

Վեց երկիրներու առողջապահութեան ոլորտի ղեկավարները Երեւանի մէջ ստորագրած են միացեալ յայտարարութիւն մը՝ հանրային առողջապահութեան հարցերու վերաբերող: Ըստ Panorama.am-ի տուեալ ոլորտին մէջ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար, տարածաշրջանային համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը հաստատող փաստաթուղթին տակ իրենց ստորագրութիւնը դրած են՝ Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան, Ռուսիոյ առողջապահութեան նախարար Վերոնիքա Սքուորցովա,  Իրանի առողջապահութեան եւ բժշկական կրթութեան նախարար Հասան Հաշեմի, Վրաստանի աշխատանքի, առողջապահութեան եւ ընկերային գործոց նախարար Դաւիթ Սերգէյենլօն, Պելոռուսի առողջապահութեան նախարար Վասիլի Ժարքօ եւ Ղազախիստանի առողջապահութեան փոխնախարար Ելժան Պիրթանով:

Ստորագրուած հռչակագիրին համաձայն՝ հանրային առողջապահութիւնը ո՛չ միայն ազգային անվտանգութեան պահպանման առաջնահերթ գործօն է, այլ նաեւ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան արդիւնաւէտութեան չափանիշ:

Հանրային առողջապահութեան համար ներդրուող նիւթական միջոցներու տնտեսական արդիւնաւէտութեան նիւթին, իրենց զեկոյցներուն մէջ անդրադարձած են համաժողովի գրեթէ բոլոր զեկուցողները: Նշուած է, որ քաղաքական գործիչներուն կողմէ առողջապահութեան ոլորտի ծախսերը կ՛ընկալուին իբրեւ զուտ ծախսեր, սակայն անոնք խորքին մէջ ներդրում են տնտեսութեան մէջ, ճիշդ է երկարաժամկէտ, որուն արդիւնքները քանի մը տարիէն շօշափելի կը դառնան, սակայն շատ անհրաժեշտ եւ արդիւնաւէտ։ Արձանագրուած է նաեւ, որ առողջապահութիւնը արտօնութիւն չէ, այլ իւրաքանչիւր մարդու իրաւունքը:

Արմէն Մուրատեան դիտել տուած է, որ համակարգը առողջապահութեան համակարգ անուանելը արդէն ինքնին խօսուն է, սակայն պէտք է ամէն ջանք ի գործ դրուի՝ առողջապահութիւնը ամէն ինչէ վեր եւ առաջ նկատելու համար։ «Առողջութիւնը որեւէ հասարակութեան համար պիտի սահմանուի որպէս բացարձակ մեծութիւն:  Մենք պիտի բնակչութեան ուղղորդենք դէպի արժէքներու այնպիսի սանդղակ, ուր առողջութիւնը պետական բացարձակ արժէք կը համարուի», ըսած է ան աւելցնելով, որ ինչպէս ելեւմտական կեանքի մէջ, առողջապահականի պարագային ալ կան աշխատանքներ ու ծրագիրներ, որոնց արդիւնքը շուտով ի յայտ չի գար, այլ ապագայի իմաստով անոնք մեծ արժէք կը ներկայացնեն։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին