Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Քրիստոնէական Համաշխարհային Ջանից Միութեան Նախագահը Մեսրոպեանի Մէջ

Քրիստոնէական Համաշխարհային Ջանից Միութեան նախագահ վեր. Քալաման Ատորեան, ընկերկացութեամբ իր տիկնոջ՝ ընկերային ծառայող Էվա Ատորեանի, 2 Մարտ 2016-ին այցելութիւն կատարեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ ծանօթացաւ անոր կրթական առօրեային ու ծրագիրներուն: Վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի հետ հանդիպումէ ետք, հիւրերը գոհունակութեամբ արտայայտուեցան Մեսրոպեան վարժարանին մէջ տիրող կրթական կարգին մասին:
Վեր. Ատորեան, որ նաեւ Ռումանիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներէն է, այս օրերուն կը գտնուի Լիբանան, ուր ճանաչողական այցելութիւններ կը կատարէ հայկական կրթական եւ եկեղեցական հաստատութիւններ:

 

Տեղեկատուական Գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին