Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

«Ցեղասպանութեան Որբեր» Ֆիլմը Տրամադրելի Է Աւելի Քան 300 Հանրային Կայաններու

«Ցեղասպանութեան Որբեր» վաւերագրական ֆիլմը արտադրած «Արմենոյտ» ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Մարտ 1-էն սկսեալ ֆիլմը տրամադրելի է Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող աւելի քան 300 հանրային կայաններու (PBS)՝ Ուսումնական հեռահաղորդակցութեան ազգային միութեան (NETA) որոշումին համաձայն։

Աշխատանք կը տարուի Պարէտ Մարոնեանի բեմադրած եւ մրցանակակիր այս ֆիլմը, կարելի եղածին չափ մեծ թիւիով հանրային կայաններէ ցուցադրելու, մինչեւ այս տարուան Ապրիլ 24, որուն համար կարելի է նաեւ դիմել ձեր շրջաններու հանրային կայաններու պատասխանատուներուն՝ խնդրելով անոնցմէ, որ այս կարեւոր ֆիլմը ցուցադրեն։

Ուսումնական հեռահաղորդակցութեան ազգային միութեան այս որոշումը մեծ պատիւ մը նկատելով՝ Մարոնեան կը յայտնէ, թէ ասիկա շատ լաւ առիթ մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնելու համար։

Նշենք, որ արդէն իսկ կարգ մը հանրային կայաններ ցուցադրած են ֆիլմը, իսկ «Արմէնոյտ» ընկերութիւնը այժմ կ՛աշխատի արտադրելու Ցեղասպանութեան կանանց նուիրուած վաւերագրական ֆիլմ մը, որուն նեցուկ կանգնելու համար կարելի է դիմել (954) 646-0944 թիւին կամ bared.maronian@gmail.com հասցէին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին