Երկուշաբթի, 09. 02. 2026

spot_img

Նոր Գիրք 1915է Ետք Թուրքիա Մնացած Հայերուն Մասին

ԱՄՆ-ի մէջ հրատարակուած է Մասաչուսէցի արհեստաբանութեան  հիմնարկի (MIT) դասախօս, պատմաբան Լեռնա Էքմէքչիօղլուի «Հայաստանի վերականգնումը. Պատկանելիութեան սահմանափակումները Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութենէն ետք» գիրքը:

Սթենֆորտի համալսարանի կողմէ հրատարակուած գիրքը, հեղինակի խորքային հետազօտութիւնն է Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն եւ ատկէ ետք  Թուրքիա մնացած հայերուն մասին:

Հեղինակը կ’անդրադառնայ Առաջին աշխարհամարտէն ետք Թուրքիոյ մէջ  հայերու վիճակին` նկարագրելով, թէ  այդ երկիրին մէջ ինչպէս հայերուն կը վերաբերին որպէս դաւաճաններու:

Աշխատութեան մէջ հեղինակը կը պատմէ այդ ժամանակաշրջանի Թուրքիոյ մէջ գործող՝ հայկական շրջանակներու հանրային գործիչներու մասին, ինչպէս Սթամպուլի մէջ տպագրուող «Հայ կին» ամսագիրի խմբագիր Հայկանոյշ Մարքը: Ան կը մարմնաւորէ հայ կնոջ կերպարը, որ բարդ ժամանակաշրջանի մէջ առանցքային դեր կը խաղայ հայ մշակոյթի, ինքնութեան եւ աւանդոյթներու պահպանման գործին մէջ:

Հայկանոյշ Մարքը հանդէս կու գար նաեւ ի պաշտպանութիւն կանանց իրաւունքներու: Այսպիսով հեղինակը փորձած է ներկայացնել այդ ժամանակաշրջանի հայ կանանց դերակատարութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման գործին մէջ:

Ըլլալով հայ Լեռնա Էքմէքչիօղլուն կ’ընդգծէ, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ իրեն պէս բազմաթիւ  հայերու չեն թոյլատրեր դասաւանդել դպրոցներու մէջ` ազգային պատկանելիութեան պատճառով:

«Այն պատմութիւնը, զոր կը դասաւանդէին դպրոցին մէջ, ամբողջութեամբ կը հակասէր այն պատմութեան, որուն մասին ինծի կը պատմէին տունը: Ես մեծցած եմ  ընտանիքի մը մէջ, ուր կը խօսէին այդ դէպքերուն մասին եւ ջանքեր կը գործադրէին` արթուն պահելու մեր յիշողութիւնը», mediamax.am-ի փոխանցմամբ կը նշէ հեղինակը:

Հեղինակը նաեւ ըսած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն ետք, Թուրքիոյ մէջ աննախադէպ քննարկումներ կը ծաւալին կատարուածի եւ այդ երկիրին մէջ հայերու ներկայութեան մասին:

Լեռնա Էքմէքչիօղլուն դուստրին հետ
Լեռնա Էքմէքչիօղլուն դուստրին հետ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին