Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Հանդիպում ԱՄՆի Դեսպանին Հետ

ՌՈՊԵՐԹ  ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Հայ համայնքի տարբեր կուսակցութիւններու եւ բարեգործական միութիւններու նախաձեռնութեամբ, Մարտ 1-ին Նիու Եորքի Սբ․ Վարդան Մայր տաճարի Գավուքչեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում, ՀՀ ԱՄՆի դեսպան Ռիչըրտ Մ․ Միլս կրտսերի հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ Հայ եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան։ Երեկոյին բացումը կատարեց եւ դեսպանին ներկայացուց Դաւիթ Նաճարեան։ Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ յարգարժան հիւրը։ Դեսպանին համար մեծագոյն հետաքրքրութիւնը Թուրքիան էր, ինչպես նաեւ Վրաստանն ու Ազրպէյճանը։ Քաղաքական լուրջ հարցեր կարելի չէ սպասել Միացեալ Նահանգներէն։ Իրենց ըրածը միայն մարդասիրական բարիք է։ Անոնք շատ լաւ գիտեն, որ ի վերջոյ Հայաստանի մնայուն եւ միակ բարեկամը Ռուսաստանն է։ Ամերիկան շատ լաւ գիտէ, թէ որքան ալ ջանայ, որքան ալ կարենայ օգտակար ըլլալ,  ճգնաժամային պահուն Հայաստանի հայեացքը կ՛ըլլայ դէպի Ռուսաստան։ Եւ անոր միակ պատճառը այն է, որ Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը արեւմուտքի ու Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ վստահութիւն չունին։ Ես այնչափ ուրախ եմ, որ այս մէկ տարուան ընթացքին ԱՄՆի դեսպանը կրցեր է զգալ մեր ժողովուրդին ցաւերը, մեր մշակութային արժէքներն ու պահպանումը։ Ուրախ ենք նաեւ, որ ան կ՛օգտագործէ Ցեղասպանութիւն բառը, այն պարագային, երբ Ամերիկեան կառավարութիւնը զայն չ՛օգտագործեր,- ըսաւ տեղւոյն Թէքէեան Մշակութային Միութեան ատենապետ Յակոբ Վարդիվառեան։

Երեկոյի վերջաւորութեան դեսպան Ռիչըրտ Մ․ Միլս պատասխանեց ներկաները յուզող բազմաթիւ հարցերու։

 Լուսանկարները՝ հեղինակի

DSC_2777

DSC_2805

DSC_2863

 

DSC_2900

DSC_2932

 

DSC_2964

 

DSC_2877

 

DSC_2777

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին