Երկուշաբթի, 11. 11. 2024

spot_img

«Հայութիւնը Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Աւարտին» Խորագիրով Խորհրդաժողով Գերմանիոյ Մէջ

Եւրոպայի Հայերու Համագումարի նախաձեռնութեամբ, Մարտ 4-6 Գերմանիոյ Տոյսպուրկ աւանին մէջ տեղի պիտի ունենայ հայութեան հիմնահարցերուն նուիրուած գիտահետազօտական խորհրդաժողով` «Հայութիւնը Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի աւարտին» ընդհանուր խորագիրով։ Այս մասին կը յայտնէ Եւրոպայի Հայերու Համագումարի տեղեկատուական գրասենեակը:

Խորհրդաժողովին քննարկման նիւթ պիտի դառնան այնպիսի թեմաներ՝ ինչպէս.

– Ցեղասպանութիւն եւ պահանջատիրութիւն,

– Հայկական պահանջատիրութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանը եւ միջազգային օրէնքը,

– Հայոց Ցեղասպանութեան 100-տարելիցի առիթով, անցեալ մէկ տարուան ընթացքին իրականացած աշխատանքները, անոնց քաղաքական գնահատականը եւ ապագայ գործունէութեան հեռանկարները,

– Հայաստանի Հանրապետութեան իրավիճակը եւ անոր զարգացման հեռանկարները,

– Արցախի հիմնահարցի լուծման ընթացքը եւ հեռանկարները,

– Սփիւռք, սահմանումներ, խնդիրներ, հեռանկար,

– Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներու դրութիւնը,

– Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը եւ ներդաշնակ գործունէութեան համար անհրաժեշտ փոփոխութիւնները,

– Տարածաշրջանային զարգացումները եւ մեր ընելիքները,

– Թուրքիան եւ տարածաշրջանային զարգացումները,

– Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքը 21-դարուն եւ փոքրամասնութիւններու հանդէպ վարած անոր քաղաքականութիւնը:

Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին քննարկման պիտի դրուին ներկայացուած հարցերը, եւ եզրափակիչ քննարկումէ յետոյ, պիտի ըլլայ բանաձեւերու ընդունում:

Խորհրդաժողովի ընթացքին զեկուցումներ պիտի ըլլան Գերմանիոյ եւ Ռուսաստանի ու նաեւ համառօտ կերպով եւրոպական միւս երկիրներու հայկական համայնքներուն մասին:

Խորհրդաժողովին զեկուցումներով հանդէս պիտի գան Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ` Հայաստանէն, Շուէտէն, Ֆրանսայէն, Ռուսաստանէն, Մեծ Բրիտանիայէն ու Թուրքիայէն պատուիրակներ: Քանի մը երկիրներէ պիտի զեկուցեն նաեւ համացանցային կապի միջոցով:

Խորհրդաժողովին բացումը պիտի կատարուի Եւրոպայի Հայերու Համագումարի նախագահ Կարօ Յակոբեանի խօսքով եւ թենոր Մասիս Առաքելեանի Կոմիտասեան քանի մը երգով:

Խորհրդաժողովի ընթացքին նախատեսուած է ազատ միտքերու փոխանակման հնարաւորութիւն, երկխօսութիւններ ու նաեւ հանդիպում տեղի հայ համայնքին հետ:

Խորհրդաժողովին առիթով պիտի հրապարակուի ամէնօրեայ լրատուութիւն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին