Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հայաստան Ազգային Նոր Օդանաւային Ընկերութիւն Պիտի Ունենայ. $49-ով Հնարաւոր Պիտի Ըլլայ Մեկնիլ Եւրոպա

Հայաստանի օդանաւային շուկային մէջ Ապրիլին պիտի յայտնուի նոր ազգային փոխադրող` Armenia օդանաւային ընկերութիւնը, որ ուղեւորներուն աժան գիներով տոմսեր կ’առաջարկէ:

Armenia օդանաւային ընկերութիւնը 49 տոլարով չուերթներ պիտի իրականացնէ Երեւանէն Եւրոպա, ԱՊՀ երկիրներ, մասամբ` Ասիոյ երկիրներ: Այդ մասին՝ ըստ panarmenian.net-ի՝ յայտնած է ընկերութեան բաժնետէրերէն մէկը` Թամազ Կաիաշվիլին:

Անոր խօսքով` այսուհետեւ Հայաստանէն կարելի է մեկնիլ տարբեր ուղղութիւններով մատչելի եւ խելամիտ գիներով:

«Նման գինով կրնան թռչիլ անոնք, որոնք նախապէս` մէկ կամ երկու ամիս առաջ, տոմսեր պիտի պատուիրեն», նշած է Կաիաշվիլին եւ աւելցուցած, որ հայկական ազգային օդանաւային ընկերութեան առաջին թռիչքը պիտի իրականանայ Ապրիլի երկրորդ կիսուն, կը հաղորդէ «Sputnik Արմէնիա»ն:

Մեկնաբանելով այն լուրերը, որ նոր ընկերութեան բաժնետէրերէն մէկը պիտի դառնայ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Կաիաշվիլին նշած է, որ ատիկա ճիշդ չէ եւ սուտ է:

Ան աւելցուցած է, որ ոչ ոք, յատկապէս Հայաստանի ղեկավարութիւնը, կապուած է ընկերութեան հետ:

Կաիաշվիլին նշած է, որ հայկական իշխանութիւնները ընդհակառակը՝ շահագրգռուած են, որ ոտքի կանգնեցնեն հայկական օդագնացութիւնը:

Ազգային փոխադրողի գլխաւոր տնօրէն Ռոպերթ Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ առաջին չուերթը պիտի իրականանայ Boeing 737-700 օդանաւով: Ընկերութեան անձնակազմը կազմուած պիտի ըլլայ 350 հոգիէ, որոնց շարքին պիտի ըլլան վրացական Airzena օդանաւային ընկերութեան քանի մը աշխատողներ, իսկ մնացածին ընտրութիւնը պիտի կատարուի տեղի մասնագէտներէն:

Ռոպերթ Յովհաննիսեան եղած է վրացական Georgian Airways ընկերութեան տնօրէնի պաշտօնակատարը, իսկ Թամազ Կաիաշվիլին Georgian Airways-ի տնօրէններու խորհուրդի նախագահն է:

2013ին Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատած է օդային փոխադրումներու ոլորտի փուլային ազատականացման ռազմավարութիւնը՝ այն բանէն ետք, երբ Հայաստանի ազգային օդանաւային «Արմաւիա» ընկերութիւնը, 2013-ի Ապրիլի մէկէն թռիչքներու դադրեցման եւ սնանկացման գործընթաց սկսելու որոշում կայացուց: Տուեալ փաստաթուղթը կը  նախատեսէր ոլորտին մէջ առնուազն երեք հայկական օդանաւային ընկերութիւններու գործունէութիւնը:

ՀՀ կառավարութիւնը քաղաքացիական օդագնացութեան ոլորտի մէջ որդեգրած է «բաց երկնք»ի քաղաքականութիւնը, որ կ՛ենթադրէ օդնաւային  ընկերութիւններու առեւտրային գործունէութեան պետութեան միջամտութեան նուազեցում:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին