*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*
Ուրախութեամբ կու գանք արձանագրելու, թէ մեր շրջանակի երկարամեայ եւ վաստակաշատ ղեկավար ընկերներէն հրապարակագիր, գիրքերու հեղինակ, փայլուն հրապարակախօս՝ ընկ. Արա Ահարոնեան, 8 Դեկտեմբեր 2015-ին արժանացած է Ա.Մ.Ն. «Ապահովագրութեան եւ Ֆինանսի Խորհրդատուներու Ազգային Ըներակցութեան» Մեծն Լոս Անճելըսի Foothill շրջանի Unity անունով մեծավարկ եւ մեծակշիռ պարգեւին: Այս պարգեւը կը տրուի Կեանքի Ապահովագրութեան Գործակալներու Ընկերակցութեան մատուցած ծառայութեան եւ արդիւնաշատ աշխատանք կատարող անդամներուն:
Ընկ. Արա Ահարոնեան այս կազմակերպութեան մաս կազմած է մօտ 20 տարիներէ ի վեր: Եղած է այս կազմակերպութեան Գալիֆորնիոյ շրջանի ղեկավարութեան անդամ, վարչութեան փոխ ատենապետ եւ ատենապետ:
Այս պաշտօնին բերումով ընկեր Արա Ահարոնեան միշտ շփման մէջ եղած է քաղաքային, գաւառի, նահանգի եւ դաշնակցային քաղաքական գործիչներու հետ, պաշտպանելով այս ընկերակցութեան եւ Կեանքի Ապահովութեան գործակալներուն շահերը:
Ընկ. Արա Ահարոնեան իր մարմինի բոլոր բջիջներով ազգային կեանքի մէջ եղած է: Ան մասնագիտութեամբ Electrical Engineer է, բայց ազգային ու հասարակական կեանքը իր սրտին մօտ զգալով, ամբողջութեամբ նուիրուած է ազգային կեանքին: Ան մաս կազմած է ՌԱԿի բարձրագոյն ղեկավարութեան, Հ.Բ.Ը.Միութեան, Թէքէեան Մշակութային, Հայ Առաքելական եկեղեցիին, Խարբերդի Հայրենակցական Միութեան, Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի Սանուց միութեան, գաղութիս Միացեալ Մարմինին, Գրողներու Միութեան եւ բազմաթիւ ու բազմատեսակ մարմիններու եւ միութեանց, քաղաքական գործիչներու lobbing ընելով:
Ընկ. Արա Ահարոնեան եռանդուն հրապարակագիր է, խիստ շահեկան ազգային արխիւային նիւթեր բովանդակող եւ Արցախին նուիրուած գիրքերու հեղինակ է:
Ընկ. Արա Ահարոնեան ամուսնացած է Տեփանեան մեծահամբաւ ընտանիքի դուստրի՝ Տայանային հետ: Ունին մէկ աղջիկ եւ մէկ մանչ: Ան մեծ հայր է երկու թոռնիկներու: Զաւակն է շրջանակին ծանօթ ընկ. Փայլակ եւ ընկերուհի Մարի Ահարոննեաններու:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրելի ընկերոջ՝ Արա Ահարոնեանի այս պատուաբեր պարգեւին համար, մաղթելով իրեն քաջառողջ, երկար կեանք եւ նորանոր պարգեւներ: