Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Ընկերային Երեկոյ Մը Հին Ու Նոր Թէքէեանցիներով

Շաբաթ, 27 Փետրուար 2016-ի երեկոյեան, Վահան Թէքէեան Վարժարանի «Յակոբ Պարսամեան» սրահը լեցուած էր թէքէեանցիներով եւ դպրոցին բարեկամ անհատներով, որոնք ընդառաջած էին Վարժարանի Սանուց Միութեան ընկերային երեկոյի հրաւէրին:

Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը Վարժարանի հոգաբարձութեան: Ներկայ էին նաեւ վարժարանի տնօրէնութիւնը, անձնակազմէն ու ծնողաց յանձնախումբէն անդամներ, ծնողներ եւ դպրոցի բարեկամներ: Ձեռնարկին նպատակն էր ի մի բերել տարբեր տարեշրջաններու թէքէեանցիներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ներկայիս թէեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ եւ կեանքի տարբեր զբաղումներով տարուած, սակայն տեղ մը բոլորն ալ թէքէեանցի ըլլալու հպարտութեամբ, ականջ տուած էին իրենց հին բոյնի կանչին:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սանուց Միութեան ատենապետուհի Լիւսի Տէօքմէճեան, որ ըսաւ, թէ Թէքէեան Վարժարանի դռները միշտ լայն բացուած են իր հարազատներուն դիմաց: Ան նշեց, թէ անչափ ուրախութիւն է ներկաներուն մէջ տեսնել դէմքեր, որոնք իրենց երջանիկ մանկութիւնը անցուցած են եւ նախնական ուսում ստացած այս դպրոցի յարկին տակ: Դէմքեր, որոնք քանի-քանի ատենամարզանքներ ու հանդէսներ տօնած են այս սրահին մէջ: Դէմքեր, որոնք տարիներու բացակայութենէ ետք այսօր դարձեալ հաւաքուած են այստեղ, սակայն այս անգամ ոչ որպէս աշակերտներ, այլ որպէս իրենց դպրոցին երախտապարտ եղող եւ միշտ անոր կառչած մնացող զաւակներ:

Երեկոն ընթացաւ ընկերային մթնոլորտով. Karaoke-ի յայտագիրով հնչեցին հայերէն թէ օտար, սիրային թէ հայրենասիրական, աշուղական թէ ժողովրդական երգեր: Հաճելի մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ կէս գիշեր:

12376772_203233220034586_1513970500503382901_n

12799210_203234190034489_3289287393359913144_n

12802802_203235356701039_7778159891473489569_n

12802838_203234973367744_2179582744358080070_n

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին