Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ, «Ապրիլ 24» յանձնաժողովին նախաձեռնութեամբ, Սուրբ Սահակ հայկական եկեղեցւոյ մէջ սումկայիթեան ողբերգութեան զոհերու յիշատակի հոգեհանգստեան կարգ կատարուած է: Այս մասին կը հաղորդէ Nouvelles d’Armenie-ն։
«Ապրիլ 24» յանձնաժողովի անդամները իրենց յայտարարութեամբ նշած են, որ այդ քայլով նպատակ ունին մէկ անգամ եւս յիշելու եւ յիշեցնելու՝ 1988 Փետրուար 26-28ին Պաքուի եւ Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւններու հարիւրաւոր հայ զոհերուն մասին:
«Սումկայիթի միջոցով Ազրպէյճանը կ՛ուզէր ճնշել Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը, որ արտայայտած էր Հայաստանին միանալու իր կամքը: Հայերու սպանդին միջոցով Պաքուն ցոյց տուաւ իր իրական բնոյթը՝ փորձելով արեամբ զսպել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ազատ ապրելու ցանկութիւնը: Այսօր Ազրպէյճանը կրկին կը շարունակէ այդ ռասիստական, հակահայկական ատելութեան քաղաքականութիւնը եւ արհամարհելով 1994-ի Մայիսի հրադադարը՝ կը հրետակոծէ սահմանամերձ հայկական գիւղերը», նշուած է յանձնաժողովի տարածած յայտարարութեան մէջ:
«Ապրիլ 24» յանձնաժողովի անդամները խստօրէն դատապարտած են Ազրպէյճանի կողմէ միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտումները եւ վերահաստատած աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ ապրելու որոշման վերաբերեալ: Անոնք միջազգային կառոյցներուն սթափութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան կոչ ուղղած են: