Արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելու եւ օգտուելու անոր ընձեռած բարիքներէն՝ Հինգշաբթի, 18 Փետրուար 2016-ին Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարան այցելեց՝ «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթի խմբագիր Տիկին Վերժին Աբրահամեան, աշակերտութեան ներկայացնելու եւ ծանօթացնելու «Փթիթ»ի կայքէջը:
Տիկին Վերժին նախ բացատրեց, թէ ինչպէ՞ս ծնունդ առած է «Փթիթ»ը եւ ըսաւ, որ պարբերաթերթը հրատարակուած է 2010 թուականին եւ կը շարունակուի հրատարակուիլ մինչեւ օրս: Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կարելի եղաւ «Փթիթ»ը փոխադրել համացանցի աշխարհ, որպէսզի Լիբանանէն դուրս գտնուող մանուկներն ու պատանիներն ալ կարելիութիւն ունենան օգտուելու «Փթիթ»ի բովանդակութենէն:
Յարգելի հիւրը շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, թէ «Փթիթ»ը կը հետապնդէ հիմնական երեք նպատակներ, առաջին՝ հայերէնի բառամթերքը հարստացնել, երկրորդ՝ մշակել եւ զարգացնել տրամաբանութիւնը եւ երրորդ՝ բարոյական պատգամ տալ առակներու եւ պատմուածքներու միջոցով:
Տիկին Վերժին իր խօսքը փակեց աշակերտներուն խրախուսելով եւ քաջալերելով, որ օրական նուազագոյնը 10 վայրկեան հայերէն գիրք կարդան:
Աւարտին վարժարանիս Տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Պալեոզեան խօսք առնելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց այս շահեկան դասախօսութեան համար եւ գեղեցիկ ծաղկեփունջով մը պատուեց հիւրը: