Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Ռուբէն Սեւակի Յիշատակին Նուիրուած Ոգեկոչման Հանդէս Էջմիածինի Մէջ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Փետրուար 28-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Ռուբէն Սեւակ» թանգարանին մէջ, տեղի ունեցած է ոգեկոչման հանդէս նուիրուած նահատակ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի յիշատակին: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Բացման խօսքով հանդէս եկած է թանգարանի տնօրէն Արժանապատիւ Տ. Սեւակ քահանայ Սարիբէկեանը:

Այնուհետեւ ցուցադրուած է «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան կողմէ նկարահանուած ֆիլմը` նուիրուած Ռուբէն Սեւակի կեանքին եւ նահատակութեան պատմութեան:

«Ռուբէն Սեւակ առեղծուածային բանաստեղծը» խորագիրը կրող բանախօսութեամբ հանդէս եկած է գրականագէտ, ՀՀ Սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան:

Ցերեկոյթի ընթացքին ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Սիլվա Եուզպաշեանի կատարումով հնչած են Ռ. Սեւակի, Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Մեծարենցի եւ Ուիլիամ Սարոյեանի ստեղծագործութիւններէն:

Հանդէսի երաժշտական բաժինով ելոյթ ունեցած են «Հայաստանի նոր անուններ» ծրագիրի պատանի երաժիշտները:

Ոգեկոչման հանդէսը եզրափակուած է Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Գերաշնորհ Տ. Վարդան եպիսկոպոս Նաւասարդեանի օրհնութեան խօսքով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին