Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Նոր Ջուղայի Հին Հայկական Տուները Վերահսկողութեան Տակ Կը Գտնուին

Իրանի Ասպահան քաղաքին մէջ գտնուող Նոր Ջուղա թաղամասին մէջ, եթէ 1985 թուականին եղած է 300 հայկական տուն, այսօր պահպանուած է ընդամէնը 70-ը: Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկին մէջ, ՀՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած Նոր Ջուղա խորագիրը կրող գիտաժողովի ժամանակ, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Իրանի Ասպահան քաղաքի Նոր Ջուղայի եւ յարակից շրջաններու հայկական վտանգուած յուշարձաններու հետազօտող, Տպահանի համալսարանի արուեստի բաժանմունքի փրոֆեսոր Ահմատ Մոնթազերը (Իրան):

Ըստ  անոր պետականօրէն որեւէ աւերածութիւն չէ եղած, այլ անուշադրութեան եւ անփութութեան հետեւանքով այդքան բնակելի տուներ քանդուած են այս ընթացքին:

«Եղած են դէպքեր, որ  Հին Ջուղայի բնակիչը իր տունը վաճառած է մէկու մը, որուն համար այդ հնութիւնը պահպանելը  կարեւոր չէ եղած, քանդած է ու նորը կառուցած է անոր տեղը: Նման դէպքեր արձանագրուած են հիմնականօրէն Իրանի յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին, երբ վերահսկողութիւն չկար. հնավայրերը աւերուեցան, նորերը կառուցուեցան` եկամուտի նպատակով: Եղան դէպքեր, որ նոյն տեղի բնակիչները արտագաղթեցին Ջուղայէն եւ տարբեր շրջաններէ եկան բնակելու այդտեղ նոր հայեր, որոնք քանդեցին հին տուները ու նորը կառուցեցին», ըսած է ան:

Ա. Մոնթազերի խօսքով Իրանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւնը, այժմ հսկողութեան տակ առած է Նոր Ջուղայի տարածքը, որպէսզի այլեւս հին տուներ չքանդուին: Ըստ անոր հակառակ այդ վիճակին, այժմ Ասպահանի ամենագեղեցիկ վայրը, որ նաեւ հնութիւն կը համարուի Նոր Ջուղան է:

«Ծրագիր կայ, որուն համաձայն կ՛ուզեն այնպէս ընել, որ այդ տարածք ինքնաշարժներ մուտք չգործեն, այլ միայն քալելով հնարաւոր ըլլայ շրջիլ ամբողջ տարածքին մէջ: Բացի այդ մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութեան կողմէ գնուած են 10 տուներ եւ նորոգուած, որոնք պիտի ըլլան  մշակոյթի զարգացման կեդրոններ: Այդ տուներէն մէկուն մէջ արդէն կը գործէ համալսարան, որ կը զբաղի Նոր Ջուղայի մշակոյթի ուսումնասիրութեամբ», ըսած է իրանցի ճարտարապետը:

Անոր համաձայն Ջուղայի մէջ կառուցուած հայերու եւ պարսիկներու տուները կը տարբերին իրարմէ:  Հայերու տուներուն սկիզբը այգի է, այնուհետեւ նոր բնակելի մասը, պարսկական տուները երկու մասէ բաղկացած են, ունին հիւրերու համար նախատեսուած յատուկ մաս եւ ընտանիքին ապրելու համար մաս: Թէ՛ հայերու եւ թէ պարսիկներու տուները կառուցուած են աղիւսով ու կաւով, ինչպէս  Ջուղայի եկեղեցիները: Ըստ իրանցի փրոֆեսորին, քար ընդհանրապէս չէ օգտագործուած, քանի որ այդ տարածքին մէջ քար քիչ կայ: Հայկական տուները հիմնականօրէն մէկ-երկու յարկանի են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին