Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

ՄԱԿ-ի Մէջ Բարձր Գնահատած են Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Ուղղութեամբ Հայաստանի Ջանքերը

Աշխատանքային այցով Ժընեւ գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, Փետրուար 29-ին հանդիպած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Զէիտ Ռաատ Ալ Հուսէյնին: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը։

Ողջունելով Հայաստանի ԱԳ նախարարը` յանձնակատար Ալ Հուսէյնը բարձր գնահատած է Հայաստանի նախաձեռնողական եւ հետեւողական ջանքերը նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ` ընդգծելով, որ այսօր միջազգային հանրութիւնը առաւել վճռական տրամադրուած է մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ: Այս առումով նախարար Նալպանտեան շեշտած է. «Որպէս 20-դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը վերապրած ժողովուրդ` մենք պարտաւորուած կը զգանք քայլեր ձեռնարկել մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններ բացառելու գործին մէջ, միջազգային հանրութեան ջանքերիու միաւորման ուղղութեամբ»:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին հետեւանքով մարդու իրաւունքներու եւ փոքրամասնութիւններուն առնչուող խնդիրներն ու անոնց լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը: Այս առումով նշուած է, որ Հայաստանը ապաստան տուած է Սուրիայէն ժամանած շուրջ 20.000 փախստականներու:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչուող հարցերուն: Այս ծիրին մէջ Էտուարտ Նալպանտեան ընդգծած է, որ այդ ուղղութեամբ Հայաստանի եւ մարդու իրաւունքներով զբաղող միջազգային կազմակերպութիւններու միջեւ հաստատուած է արդիւնաւէտ համագործակցութիւն:

Զրուցակիցին խնդրանքով Էտուարտ Նալպանտեան ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ, Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին