Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀՀ Դեսպան

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանային Յանձնաժողովը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Պարոն Ժէրար Թիւֆէնքճեանի, Ուրբաթ, 26 Փետրուար 2016-ի երեկոյեան, Միութեանս Տեմիրճեան Կեդրոնին մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Պարոն Աշոտ Քոչարեանը, իր պաշտօնավարութեան աւարտին հրաժեշտի հանդիպումի մը շրջագիծէն ներս:

Տեղի ունեցած սիրալիր հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Հ.Բ.Ը.Մ. գործակցութիւնը, Հայաստան-Լիբանան երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւնները, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի շրջանակին Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին հետ առնչուած ծրագիրները, եւ Պարոն Քոչարեանին Լիբանան պաշտօնավարած շրջանին Լիբանանահայ գաղութի հետ ու մասնաւորաբար Միութեանս հետ պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրէն ունեցած դրական գործակցութեան արդիւնքները:

Դեսպան Քոչարեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հ.Բ.Ը.Միութեան Լիբանանի Շրջանային Յանձնաժողովի ղեկավարութեանն ու հանդիպման ներկայ բոլոր անդամներուն՝ շարունակական աջակցութեան եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար:

Հանդիպման աւարտին Շրջանային Յանձնաժողովի ատենապետ Պարոն Ժէրար Թիւֆէնքճեան յիշատակի վահանակով մը պարգեւատրեց դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, առ ի գնահատանք իր տարիներու աշխոյժ գործակցութեան, մաղթելով իրեն յաջողութիւն՝ ապագայ գործունէութեան մէջ:

DSC_4933

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին