Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Հանդուրժողականութիւն, Փափկանկատութիւն Եւ Լայնամտութիւն

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Կիրակի երեկոյեան Պէյրութի մէջ կազմակերպուած Հայաստանի Հանրապետութեան «Սայեաթ-Նովա» համոյթին անդրադարձներուն կը հետեւէի՝ «ֆէյսպուքահայութեան» գրառումներուն ընդմէջէն: Այս ուղղութեամբ ուշադրութիւնս գրաւեցին հակասական կարծիքներ եւ արժեւորումներ ելոյթին մասին:  Համոյթին բարձր գնահատականներուն շարքին կային նաեւ  քննադատութիւններ՝ ինչ կը վերաբերի անոր բովանդակութեան ու երգացանկին:

Քննադատական գրառումներէն մէկուն մէջ կարդացի. «Հայաստանի Հանրապետութեան «ՍայեաթՆովա» համոյթի ելոյթը ՀՅԴի  փրոփականտ ընող համո՞յթ պէտք է ընդունիլ: Ինծի համար Հայ ըլլալը գերադաս է որեւէ կուսակցական եւ հայրենակցական պատկանելիութենէ, ես ՀԱՅ եմ եւ կ՛ունկնդրեմ ու կը սիրեմ ազգային յեղափոխական բոլոր երգերը, բայց հայրենի պետական մակարդակ վայելող վաստակաշատ համոյթի մը ելոյթը կը խորհիմ ԵՐԲԵՔ պէտք չէ առանձնաշնորհումը ըլլայ կուսակցական միակողմանի երգերու, որովհետեւ ԲՈԼՈՐ հայերը քաջ են, ԲՈԼՈՐ հայերը զոհուած ու կռուած են իրենց Հայրենիքին համար եւ ոչ թէ միայն մէկ կուսակցութեան պատկանողները
Վերջին գաղափարէն անկախ, հայ աշուղական համոյթը կուսակցական երգերու փառատօն պէտք ՉԷ որ ըլլայ», գրած էր քննադատողը: Կարդացի նաեւ հետեւեալ քննադատական տողը. «Իսկապէս անհրապոյր եւ նեղմիտ մտայնութեամբ ներկայացուած ելոյթ մըն էր, որ շատ շուկայական ծափերու առիթ տուաւ»…:

Ինչո՞ւ այս քննադատութիւնները՝ ինչ կը վերաբերի երաժշտական համոյթի մը: Երեւոյթը մտահոգիչ է:

Հասկնալով հանդերձ երեւոյթին դրդապատճառներն ու զգացականութիւնը, քննադատողներուն կը մաղթեմ հանդուրժողականութիւն, որուն այնքա՜ն պէտք ունինք ազգովին, մինչ կազմակերպողներէն կ՛ակնկալեմ յաջորդիւ ըլլալ աւելի փափկանկատ՝ ինչ կը վերաբերի ամէն պատկանելիութեան ու գաղափարի տէր   հանդիսատեսներու զգացականութեան:

Վերջապէս օրերուն ու գիտակցութեանս պարտադրած լայնամտութեամբ, անհանդուրժողականութիւնն ու անփափկանկատութիւնը ես ալ իմ կարգիս կը քննադատեմ հաւասարապէս…:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին