Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Հայկական Նիւթերով Ֆիլմեր Նիւ Եորքի «Socially Relevant» Փառատօնի Ընթացքին

Հայկական նիւթերով ֆիլմեր պիտի ցուցադրուին Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք շարժապատկերի «Socially Relevant» փառատօնի ընթացքին։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Փառատօնին նպատակն է ընկերային շարք մը հարցերու մասին իրազեկութիւնը բարձրացնել եւ շարժապատկերի միջոցով դրական լուծումներ առաջարկել անոնց:

Ամերիկահայ յայտնի դերասան եւ արտադրող Նորա Արմանիի կողմէ 2013ին հիմնադրուած սոյն փառատօնը, այս տարի տեղի պիտի ունենայ Մարտ 14-20ի միջեւ:

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ ներկայացուող ֆիլմերու կողքին, պիտի ցուցադրուին նաեւ հայութեան առնչուող կամ հայերու կողմէ պատրաստուած ութ ֆիլմեր, ներառեալ Մուհամատ Հանաֆիի «Ո՞վ Սպաննեց Հայերը», Արա Երնջակեանի «Խաւարում», Ռուբէն Փաշինեանի «Տղա՛ս, Ո՞ւր Է Եփրատը», Մարինէ Քոչարեանի եւ Սոնա Քոչարեանի «Ինչպէս Անցնել æիլիզէն æիլիզ», Աննա Բայաթեանի «Արդէն Գիտեմ» եւ Արէն Մալաքեանի «Աղջիկը Լուսնի Վրայ» ֆիլմերը:

Նշեալ ֆիլմերը կ՛արծարծեն պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու ընթացքին երախաներու խոցելիութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշերով ապրելու դժուարութիւնը, փակ սահմաններու հարցերը, հաշմանդամութեան պարտադրած մարտահրաւէրներու յաղթահարումը եւ ընկերային շարք մը այլ նիւթեր:

Փառատօնի մասին ամբողջական տեղեկատուութեան համար այցելել www.ratedsrfilms.org հասցէին։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին