Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հայաստանն Ու Արցախը Ներկայացուած Են Լոս Անճելոսի Զբօսաշրջային Ամէնամեայ Ձեռնարկին

Փետրուար 27-28-ին Լոս Անճելոսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Հայ-ամերիկեան գործարար-խորհուրդի աջակցութեամբ, Հայաստանն ու Արցախը առանձին տաղաւարով ներկայացուեցան ԱՄՆ արեւմտեան ափի ամենամեծ զբօսաշրջային ամէնամեայ միջոցառման` LA Travel and Adventure Show-ին, որ այս տարի տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Լոնկ Պիչ քաղաքին մէջ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Ի թիւս զբօսաշրջային ցուցահանդէսի հարիւրաւոր մասնակիցներու` այցելուներուն ներկայացուեցան Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջային առանձնայատկութիւնները, ներառեալ վերջին շրջանին զարգացում ապրող էքօ զբօսաշրջութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ էին ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, Ուաշինկթընի մէջ ԼՂ ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն մեկնած Միջազգային գործարար կապերու աջակցման խորհուրդի պատուիրակութիւնը:

Հայկական տաղաւարը ցուցահանդէսի հազարաւոր այցելուներուն կը  ներկայացուէր՝ Լոս Անճելոսի հայկական զբօսաշրջային ընկերութիւններու կողմէ, որոնք նաեւ կ՛առաջարկէին Հայաստան եւ Արցախ ճամբորդելու փաթեթներ:

LA Travel and Adventure Show-ի կազմակերպիչ մարմինի ղեկավար Ճոն Կոլիչ, ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան յանձնած է լաւագոյն տաղաւարի հաւաստագիր` ցուցահանդէսին ամենագեղեցիկ եւ մարդաշատ տաղաւարը ունենալուն համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին