Երախաները արդէն հնարաւորութիւն ունին առանց ուսուցիչի սորվիլ հայերէն: Գիւմրեցի մասնագէտները ստեղծած են Play Land Armenia բջիջային յաւելուածը, որ նախատեսուած է 5-10 տարեկան երախաներու համար: Յաւելուածը թոյլ կու տայ երախաներուն սորվիլ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն: Խաղը ունի չորս գաղափար` լեզու, մշակոյթ, հայկականութիւն եւ ընտանիք: