*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
Անցեալները ընկերոջ մը հետ մեր բարեկամին այցելութեան գացինք։ Ան աւելի քան 18 տարիներէ ի վեր բանտարկուած է, ոճրագործութեամբ ամբաստանուած եւ դատապարտուած ըլլալով։
Այս առաջին այցելութիւնս չէր եւ հաւանաբար ալ վերջինը պիտի չըլլայ, որովհետեւ վճիռը ցկեանս բանտարկութիւն էր ։ Այցելութիւններուս փորձառութենէն բխած, երկու պարագաներ կ՛ուզեմ արծարծել այս յօդուածիս մէջ։
Առաջինը այն է, թէ իր բանտարկութեան շրջանին, շատ մը տխուր դէպքեր պատահեցան իր անմիջական ընտանիքէն ներս։ Նախ ան կորսնցուց իր մայրը, ապա իր քրոջ ամուսինը եւ յետոյ փոքր եղբայրն ու միջնեկ եղբօր կինը։
Կրնաք երեւակայել իր հոգեկան իրավիճակը՝ երբ բանտի խուցին մէջ միայնակ նստած, ան հեռաձայնով պիտի իմանար այս բոլոր դժբախտ պատահարները։ Ոչ ոք կար սփոփելու զինք, երբ ան լռելեայն կը տառապէր՝ սգալով մահը իր հարազատներուն։
Տարաբախտ այդ շրջանին մեծցան նաեւ իր երկու զաւակները, որոնց կարօտը կը քաշէ ան օրն ի բուն։ Անոնք աւարտեցին երկրորդական վարժարան եւ համալսարան ու նետուեցան գործի ասպարէզ, առանց իրենց հօր հետ կապ հաստատելով՝ տեղեակ պահելու զայն իրենց իրավիճակին հետ առնչուող եւ պատիւ բերող մանրամասնութիւններու։
Հաւատացեալ քրիստոնեայ մը ըլլալով, ան ընդունած է իր կինը արկածով սպաննելու յանցանքը եւ հաշտուած իր դատավճիռին հետ ու կը հաւատայ, որ տարիքի բերումով եւ առողջապահական պատճառներով՝ շուտով ազատ պիտի արձակուի։ Միջանկեալ ըսեմ, որ ան ցարդ երրորդ անգամն է, որ ակամայ կը տեղափոխուի վայրէ վայր։ Բարեբախտաբար այս վերջին վայրը աւելի մօտ է իր հարազատներուն, որոնք կրնան աւելի յաճախակի կերպով այցելել զինք։
Իսկ երկրորդ հարցը, որ կ՛ուզեմ բաժնել ընթերցողներուն հետ, բանտի այցելութեան տարօրինակ պայմաններն են։ Նախ պէտք է դիմում կատարես եւ ընդունուիս պատկան իշխանութեանց կողմէ։ Յետոյ կայ բանտի այցելութեան համար հագուածքի յատուկ կարգ ու սարք, բացատրեմ։
Կապոյտ գոյնը բացարձակ արգիլուած է, որովհետեւ բանտարկեալները կապոյտ կը հագնին եւ անոնք պէտք է միշտ դիւրութեամբ զանազանուին։ Թխագոյնն (khaki) ալ արգիլուած է, որովհետեւ բանտապահները կը հագնին այդ գոյն զգեստներ ու չես կրնար անոնց հետ շփոթուիլ։ Առաւել , կիներու պարագային՝ անոնք չեն կրնար թափանցիկ շապիկ հագնիլ, քանի բանտարկեալները կրնան գրգռուիլ…։
Բանտ այցելութեան ժամանակ կրնաս միայն ինքնութեան թուղթ, մեր պարագային ինքնաշարժ վարելու արտօնագիր, եւ դրամ ունենալ հետդ։ Դրամը պէտք է ըլլայ կամ մէկ տոլարի արժէքով թղթոսկի եւ կամ ալ 25 դահեկաննոց հնչիւն դրամ, որպէսզի կարենաս գնում կատարել բանտարկեալ բարեկամիդ համար։
Երբ բանտ երթաս այցելութեան, ապահովութեան գօտիէն անցնելէ ետք, բանտապահը կը նշանակէ քու նստելիք սեղանդ։ Բանտարկեալը պէտք է զբաղեցնէ նստարանի այն կողմը, որ կը նայի բանտապահին։ Իսկ պարզ ողջագուրումէ զատ, բանտարկեալին ու այցելուին խստիւ արգիլուած է որեւէ այլ մարմնական մերձեցում։ Մինչեւ իսկ արտաքնոց երթալը՝ բանտարկեալին կամ այցելուին, հրամանով է։
Բայց երբ նպատակդ բարեկամ բանտարկեալի մը հոգեկան գոհացում տալ է քու այցելութեամբդ, վերոյիշեալ տաղտուկները չեն ազդեր քու վրադ եւ ժամանակի ընթացքին կը վարժուիս անոնց, որոնք անհանդուրժելի ըլլալէ կը դադրին այլեւս։
Մեր վերջին այցելութեան բարեկամս ըսաւ, թէ բանտ մտնելէ առաջ իրեն շատ մօտիկ եղած բարեկամներ եւ գործակիցներ՝ շատոնց մոռցած են զինք եւ խզած ամէն կապ իր հետ։ Բարեբախտաբար սակայն, իրեն անծանօթ մարդիկ սկսած են կապ պահել իր հետ եւ յաճախակի այցելութիւններով ուրախութիւն պատճառել իրեն՝ գէթ մի քանի ժամուայ համար, իր այլապէս միօրինակ իրավիճակին մէջ։ Որքան ճիշդ է այն ասացուածքը, որ կ՛ըսէ, «երբ խնդաս, աշխարհ կը խնդայ հետդ, սակայն երբ լաս՝ առանձին կու լաս»։