Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Արթուր Ճանիբեկեանի Հիմնադրամը Գնած Է Ուիլիամ Սարոյեանի Առանձնատունը

«Մտաւոր վերածնունդ» (Intellectual  Renaissance) հիմնադրամը գնած է Ո­ւի­լիամ Սարո­յեա­նի առանձնատունը: 20-րդ դարու ամերիկեան գրականութեան հսկաներէն մէկը` Ուիլիամ Սարոյեան ապրած եւ ստեղծագործած է Ֆրեզնոյի Կուփըր միջնակարգ դպրոցէն (Gooper Middle School) արեւմուտք՝ 2729 Կրիֆիթ Ուէյ (W Griffith Way) փողոցին մէջ գտնուող առանձնատան մէջ:

Հիմնադրամէն News.am-ին յայտնած են, որ մեծանուն գրողին տունը կը գտնուի ամայացած ու դատարկ վիճակի մէջ` փայտէ պատուհաններով, խնամքի բացակայութեան պատճառով յառաջացած լուրջ վերանորոգում պահանջող պատերով, յատակով եւ այլն:

Խորապէս գիտակցելով Սարոյեանի ձգած ժառանգութեան համամարդկային կարեւորութիւնը, հաշուի առնելով առանձնատան անմխիթար վիճակը եւ նպատակ ունենալով փրկել զայն ոչնչացումէ` 2015 թուականին անիկա գնեց Արթուր Ճանիբեկեանի կողմէ հիմնադրուած Intellectual  Renaissance հիմնադրամը, որ վերջին երկու տարիներու ընթացքին մեծ զարկ տուած է հայերէն Ուքիփետիայի զարգացման եւ նպաստած հայկական զարգացած ներուժը միջազգային մակարդակի բարձրացնելու:

Առանձնատունը պիտի վերակառուցուի որպէս տուն-թանգարան, որ պիտի ապրի ստեղծագործական բուռն կեանքով` հանդիսանալով մշակութային օճախ ոչ միայն համայն հայութեան, այլեւ ամբողջ աշխարհի համար: Տուն-թանգարանին մէջ պիտի կազմակերպուին գրական երեկոներ, փառատօններ եւ այլ մշակութային ձեռնարկներ:

Intellectual Renaissance հիմնադրամը կը մշակէ եւ շուտով հանրութեան պիտի ներկայացնէ՝ տուն-թանգարանի վերակառուցման նախագիծն ու գործունէութեան ծրագիրը:

«Ի դէպ առիթէն օգտուելով կ՛առաջարկենք բոլոր ցանկացողներուն ներկայացնել իրենց գաղափարները` նամակ ուղարկելով info@saroyanmuseum.com ե-հասցէին: Մենք մեծ ուրախութեամբ կը քննարկենք բոլոր առաջարկները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին