Ինչե՞ր պատրաստած են Բագրատունեաց թագաւորութեան տանտիկինները, ի՞նչ համադամ կերակուրներ փոխանցած են սերունդներուն: Ազգագրագէտ Խորէն Գրիգորեանը շրջած է այն երկիրները, ուր թագաւորութեան անկումէն ետք վերաբնակած են Անիի բնակիչներն ու այդ վայրերուն մէջ պահպանած են Բագրատունեան շրջանի կերակրատեսակները, կը հաղորդէ Armradio.am-ը:
Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք մայրաքաղաք Անիի հարուստ ընտանիքները տեղափոխուած են իրենց համար աւելի յարմարաւէտ տարածքներ` Թրանսիլվանիա, Ուքրանիա, Լեհաստան, Մոլտովա: Ձուլուելով տեղացիներուն մէջ` անեցիները սակայն սերունդէ-սերունդ փոխանցած են հայկական շատ աւանդոյթներ, նաեւ… Անիի խոհանոցը: Թուարկուած երկիրներով շրջած է ազգագրագէտ Խորէն Գրիգորեանը ու պարզած, թէ որոնք են անեցիները, խոհանոցի միջոցով վերհանած է անոնց ինքնութիւնն ու հաւաքագրած է 8-րդ դարէն եկող հայկական կերակրատեսակները, անոնց պատրաստման ձեւերը:
Անիի խոհանոցի կերակրատեսակները պահպանած են հայկական անուանումները, սակայն ոչ մէկը ծանօթ չէ եղած ազգագրագէտի քիմքին: Շրջագայութեան ընթացքին ազգագրագէտը հանդիպած է նաեւ հունգարացի հնագէտի մը, որ Հայաստանէն մեկնած հիւրին ներկայացուցած է իր պեղումներու արդիւնքները, որոնք կենցաղային իրեր են` կաթսաներ եւ ափսէներ հայկական զարդանախշերով: Հետաքրքական է, որ անոնք ոչ թէ բերուած են Անիէն, այլ անեցիները հայկական տարրերով նոր սպասք եւ կենցաղային իրեր պատրաստած են:
Իսկ ահա Թրանսիլվանիոյ մէջ անեցիները փոխանցած են իրենց կերակրատեսակներու բաղադրատոմսերը: Ի դէպ Հայաստանի խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեան կ՛ըսէ, որ Փետրուար 28-ին Երեւանի մէջ արդէն իսկ կազմակերպուած համտեսին ներկայացուած են Անիի խոհանոցէն վեց կերակուրներ:
Բանախօսները տեղեկացուցած են, որ Անիի խոհանոցի աւանդոյթները սերունդէ-սերունդ փոխանցելու նպատակով պիտի հրատարակուի գիրք, պիտի կազմակերպուին նաեւ դասընթացքներ փափաքողներու համար: Ազգագրագէտը տեղեկացուցած է, որ Անիի խոհանոցը առաջինն է, բայց ոչ վերջինը:
Դեկտեմբերին այցելած են Այնճար, հանդիպած մուսալեռցիներու հետ, ծանօթացած անոնց խոհանոցային աւանդոյթներուն: Անոնք պիտի շարունակեն ուսումնասիրել Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայութեան խոհանոցները: