Երեքշաբթի, 21. 01. 2025

spot_img

Տիգրան Համասեան Բարեգործական Համերգ Տուաւ Գիւմրիի Մէջ

Գիւմրիի «Ֆանտաններ» կոչուող տնակային թաղամասին մէջ, Փետրուար 27-ին բարեգործական համերգ տուաւ աշխարհահռչակ ճազմէն Տիգրան Համասեան` ի նպաստ Գիւմրիի անօթեւաններուն: NEWS.am-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ այն թաղամասին մէջ ուր տեղի ունեցաւ համերգը, կ՛ապրին քանի մը տասնեակ գիւմրեցի անօթեւաններ: Համերգը տեղի ունեցաւ Գէորգեաններու տնակի  բակին մէջ: Անոնք 27 տարիէ կը բնակին հոն: 73-ամեայ Գեղեցիկ Գէորգեանը այստեղ կ՛ապրի իր 3 անչափահաս թոռներուն հետ, անոր տղան մահացած է 6 տարիներ առաջ:

NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Գեղեցիկը ըսած է, որ արդէն 27 տարիէ կ՛երազէ մեծ ու լուսաւոր բնակարան ունենալու մասին, ան կ՛ուզէ, որ իր 3 թոռները ապրին այնպիսի բնակարանի մը մէջ, ինչպիսին եղած է իրենց բնակարանը երկրաշարժէն առաջ. «Այստեղ տարիներ շարունակ անմարդկային պայմաններու մէջ կ՛ապրինք: Այժմ երազանքս թոռներուս համար բնակարան ունենալն է»:

Յիշեցնենք, որ  SOS հաղորդաշարի բեմադրիչ Հայկ Բարսեղեան, գիւմրեցի անօթեւաններու համար 13 բնակարաններ ձեռք բերելու համար սկսած է բարեգործական ձեռնարկներու համալիր ծրագիր մը, որուն իրագործման համար անհրաժեշտ է հաւաքել 120 հազար սթերլին: Անոնց օգնելու համար դրամահաւաք սկսած է միջազգային www.crowdfunder.co.uk կայքին մէջ, որուն բացի հայերէն կրնան մասնակցիլ նաեւ եւրոպացիները:

Նշենք, որ անօթեւաններուն օգնելու գծով կազմակերպուած դրամահաւաքին մասնակցելու համար, անհրաժեշտ է մտնել յղումով, սեղմել Pledge պատուհանը, ընտրել նախընտրած գումարը եւ կատարել գումարի փոխանցում:

Յիշեցնենք նաեւ, որ դրամահաւաքը շարունակուեցաւ Կիրակի` ժամը 17:00-էն Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին